Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին շարունակեց քննարկել երկրին քաղաքականութեան, ելեւմուտքին եւ տնտեսական մարզերուն վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ շարունակեց ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու հաղորդակցութիւնները:
Նախագահ Աուն ընդունեց երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթերը, որուն հետ քննարկեց երկրագործութեան նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ գործադրուելիք կարգ մը ծրագիրներ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական հարցերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան թղթոսկին կայուն պահելու կարողութիւնները:
Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ ամերիկեան Քոնկրեսին կողմէ լիբանանեան քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ լիբանանցի անձնաւորութիւններու դէմ որդեգրուած նիւթական պատժամիջոցները:
Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն ցուցմունքներ տուաւ Սալամէին, որ իր կարգին պիտի հետապնդէ նիւթական պատժամիջոցներու թղթածրարը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի, նախկին նախարար Ատնան Քասսար, Ատել Քասսար, Ուաժիհ Պըզրի, Հասան Հժէյժ եւ Մարուան Սալեհ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ռամլեթ Պայտայի մէջ «Իտըն Պէյ» ծրագիրը գործադրելու մանրամասնութիւնները, որոնց լոյսին տակ նաեւ այդ ծրագիրը գործադրելու դէմ արձանագրուած բողոքները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց օրէնքները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով նաեւ դատական իշխանութիւններուն հետ գործակցելու անխուսափելիութիւնը:



