Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը Եւ Հատուցել Հայ Ժողովուրդին» Ընդգծեց Վերա Եագուպեան

April 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Էմ. Թի. Վի.», «Ժատիտ» եւ «Ալղատ» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ հայութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը` բոլոր երկիրներէն պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ` ընդունելու համար իր գործած Ցեղասպանութիւնը:

Ան շեշտեց, որ պատմական այս անկիւնադարձային փուլին ընթացքին հայութիւնը կը պահանջէ իր քաղաքական իրաւունքներուն վերատիրացումը, այսինքն` Թուրքիայէն կը պահանջէ հողային եւ նիւթական հատուցում:

Ան անդրադարձաւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն, ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ եւ յատկապէս Լիբանանի տարածքին ընթացող Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն` լուսարձակի տակ առնելով հայութեան պահանջատիրական երթը:

Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ հայկական գաղութները իրենց պահանջները ներկայացնելու իմաստով թղթածրարները պատրաստելու ընթացքին մէջ են` աւելցնելով, որ այդ պահանջները պիտի ներկայացուին Թուրքիոյ` Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ Ցեղասպանութեան ընթացքին կորսուած կալուածները հատուցելու նպատակով:

Ան նշեց, որ այս իմաստով Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ արաբական երկիրներու հայկական գաղութները հսկայական ճնշումներ կը բանեցնեն Թուրքիոյ վրայ` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ ներքին իրավիճակը եւս վերջին ժամանակաշրջանին փոփոխութիւններ կ՛ապրի: Վերջին տարիներուն  արձանագրուած են ներքին թրքական պահանջներ` ձերբազատելու պատմական այդ բեռէն, հաշտուելու անցեալին հետ, եւ ապա հայկական պահանջներուն վերաբերեալ գոյացնելու հայ-թրքական համաձայնութիւն:

Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հայութեան դէմ պատահածը կանխամտածուած Ցեղասպանութիւն էր, որուն նպատակն էր Անատոլուի մէջ գտնուող ոչ թրքական տարրերը բնաջնջել` ըլլան անոնք քրիստոնեաներ կամ ոչ քրիստոնեաներ:

«Հայ ժողովուրդը դարէ մը ի վեր մեծ պահանջներ ունի Թուրքիայէն` կալուածներու, նիւթական թէ բարոյական իրաւունքներու վերատիրացման առումով, եւ ասիկա պէտք է կատարուի Թուրքիոյ կողմէ, որպէսզի ան կարենայ հաշտուիլ հայ ժողովուրդին հետ», նշեց ան:

Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ ապրիլ 24-ը օր մըն է ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, «որովհետեւ հայը չի մոռնար Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի 24 ապրիլին յիշէ զայն: Ցեղասպանութիւնը ուղղակի մեր առօրեային առնչուած է դպրոցին մէջ, եկեղեցւոյ մէջ, տան մէջ եւ սերունդէ-սերունդ կը փոխանցուի հաւաքական յիշողութեամբ` վերատիրանալու համար մեր արդար իրաւունքներուն», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին Առիթով` «Հայ Ժողովուրդին Փորձառութիւնը Նման Է Լիբանանի Փորձառութեան» Շեշտեց Ուատիհ Խազեն

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Հայ Դատի Եւ Քարոզչական Մարմիններու Անդամներ Կը Խօսին Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.