Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի տարօրինակ որակեց այն իրականութիւնը, որ կառավարութիւնը ընտրական օրէնքը քննարկելու համար ոչ մէկ նիստ գումարած է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Միշել Քամերոնի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժերը  ձերբակալեցին լիբանանցի մը, որ Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կը կատարէր:

Ձերբակալեալը, որուն անունը Ա. Տ. սկզբնատառերը կը կրէ, Զինուորական ատեանին կողմէ հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի մէջ անցարգելներ զետեղեց: Ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց կարգին Արսալի մէջ որդեգրեցին ապահովական խիստ միջոցառումներ: Նշենք նաեւ, որ բանակի զօրամաս մը երէկ առաւօտեան խուզարկեց Տէյր Ահմարի մէջ գտնուող սուրիական գաղթակայան մը եւ ձերբակալեց 30 տեղահանուած սուրիացիներ, ինչպէս նաեւ գրաւեց 20 մոթորսիքլեթներ:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կառավարութիւնը իր ընթացիկ ժողովները չի գումարեր տարբեր մարզերուն վերաբերող աշխատանքները հետապնդելու համար: Ան յայտնեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքն ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը այսօր պիտի առաջադրեն ընտրական օրէնքի նոր տարբերակ մը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ լիբանանեան առումով Մուսթաքպալ հոսանքը ներքին քաղաքական բախումներուն մեղսակից պիտի չըլլայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յառաջիկայ շաբաթ պիտի ներկայացնէ ընտրական օրէնքին վերաբերող նախաձեռնութիւն մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է վերադառնան Թաէֆի համաձայնագիրին:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը կոչ ուղղեց վաւերացնելու արդար ընտրական օրէնք մը եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր տակաւին կը մերժեն ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակին պարագային որոշ միտքերու մասին համաձայն ենք, սակայն մեր վերջնական որոշումը կը յայտնենք այդ օրէնքին ամբողջութիւնը ստանալէ եւ քննարկելէ ետք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանցի լրագրողներուն համար Հըզպալլայի կազմակերպած սահմանային այցելութիւնը ռազմավարական սխալ մըն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ կառավարութիւն մը, որ նախանձախնդիր  չէ միջազգային իր յանձնառութիւններուն գործադրութեան եւ կը թերանայ իր պարտականութիւններուն մէջ, երկրին սահմանադրութիւնը գործադրելու իմաստով վստահութեան արժանի չի կրնար ըլլալ: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակը տակաւին իր մահկանացուն չէ կնքած` աւելցնելով, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն պիտի չկատարուի:

 

 

Նախորդը

«Իրանի Գործողութիւնները Կը Հակասեն Հիւլէական Գործարքի Ոգիին» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատունը Ընդարձակելու Ծրագիրի Հիմնարկէք

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.