Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ ինք այսօր ստացած է պետական ամավարկի նախագիծը եւ անմիջապէս զայն փոխանցած ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի երեսփոխանական յանձնախումբին, որպէսզի ան անմիջապէս անցնի զայն սերտելու աշխատանքին:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի պատասխանելով երեսփոխաններէն մէկուն այն հարցումին, թէ պետական ամավարկը աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը կը պարփակէ՞, թէ՞ ոչ, ըսաւ. «Պետական ամավարկը աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը չի պարփակեր, սակայն այդ թղթածրարը արդէն իսկ մաս կը կազմէ 15 մայիսին խորհրդարանի քննարկելիք օրակարգի կէտերուն»:
Պըրրի ընդգծեց, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժի շահերուն կը ծառայէ 15 մայիսի խորհրդարանի նիստին հասնիլ` առանց ընտրական նոր օրէնք մը գոյացնելու:
Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահը դարձեալ կոչ ուղղեց կառավարութեան շարունակելու իր նիստերը` վաւերացնելու ընտրական օրէնք մը եւ զայն փոխանցելու խորհրդարան:
Պըրրի ընդգծեց, որ ընտրական որեւէ օրէնք կարիքը ունի համախոհութեան` աւելցնելով, որ համամասնական դրութիւնը պիտի ըլլայ փրկութիւնը: «Իսկ խորհրդարանի թափուր դրութիւնը համազօր է մահուան եւ դէպի անորոշութիւնը նաւարկելուն», աւելցուց Պըրրի:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Սանճիվ Արորան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Շարպել Նահհաս:
Քննարկուեցան «Մուաթինուն ուա մուաթինաթ» շարժումին պատրաստած պատկերացումը եւ անոր առաջադրած նախաձեռնութիւնները` ընտրական օրէնքներուն եւ Լիբանանի դիմագրաւած նիւթական ու ապահովական վտանգներուն մասին:



