Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Էքուատորի նախկին նախագահ Ժամիլ Մուաուատը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մաթահիրօ Եամակոշին:
Քննարկուեցան տեղական ու շրջանային զարգացումները եւ լիբանանեան-ճափոնական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:



