Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Հայ Դատի Եւ Քարոզչական Մարմիններու Անդամներ Կը Խօսին Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Ապրիլ 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Հայ դատի եւ Քարոզչական մարմիններու անդամներ 23 եւ 24 ապրիլին դարձան լիբանանեան պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն ծրագրած յայտագիրներուն հարցազրոյցի հիւրերը:

Անոնք անդրադարձան հայուն ինքնութեան, նահատակները յարգելու կարեւորութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով տեղի ունեցող ձեռնարկներուն մանրամասնութիւններուն եւ Մեծ եղեռնի յիշատակը յաւերժ վառ պահելու կարեւորութեան մասին:

Լիբանանեան «Ֆէյմ Էֆ. Էմ.» ձայնասփիւռի կայանի հաղորդավար Միրէյ Մազրաանի իր «Ահլա Սուպհիյէ» յայտագիրին ընթացքին հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ատենապետ Վահրամ Էմմիեանի հետ:

Պատասխանելով նահատակութեան արժէքին վերաբերեալ Մազրաանիի հարցումին` Էմմիեան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ նահատակութեան գաղափարին եւ նահատակի յիշատակի ոգեկոչման ու արժանի յարգանքի մատուցման, այդ պատճառով ալ լիբանանահայութիւնը  ապրիլ 24-ի կողքին մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ նաեւ 6 մայիսին` Լիբանանի Նահատակաց տօնին: Ան աւելցուց. «Իրապէս ցաւալի ու ամօթալի է, որ 6 մայիսի նահատակները ներկայիս «հայրենիքի նահատակ»-ի մակարդակէն նուազեցուած են «մամլոյ նահատակներ»-ու մակարդակին. մենք կը հաւատանք, որ այդ նահատակները պէտք է արժանանան այն պատշաճ վերաբերմունքին ու յարգանքին, որուն արժանի են»:

Պատասխանելով ինքնութեան կարեւորութեան մասին հարցումին` Էմմիեան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդին համար ինքնութեան հարցը միշտ ալ առաջնահերթ կարեւորութիւն ունեցած է, «իսկ մեզի` լիբանանահայերուս համար հայկականին կողքին նաեւ լիբանանեան ինքնութիւնը կարեւոր է: Անոնք երկուքն ալ լիբանանահայուն հոգին ու մարմինն են, որոնք կարելի չէ իրարմէ անջատել»:

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին մասին` ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ատենապետը նշեց, որ այս տարուան 24 ապրիլը լիբանանահայերուս համար ունի յատուկ իմաստ, որովհետեւ կը զուգադիպի թրքական իշխանութիւններուն կողմէ գործադրուած Լեռնալիբանանի սովին: «Այս տարուան ապրիլ 24-ին մենք նաեւ կը վերյիշենք Լեռնալիբանանի սովի անմեղ զոհերը, ինչպէս նաեւ Էնվեր փաշայի 19 մայիս 1916-ին արտասանած այն խօսքը, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը պէտք է ձերբազատի հայերէն ու լիբանանցիներէն. «Առաջիններէն ձերբազատուեցանք սուրով, իսկ երկրորդներէն պիտի ձերբազատինք սովով», ըսած էր ան», նշեց Վ. Էմմիեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամ Սօսի Սարգիսեան իր կարգին դարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հիւրը: Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն` անոնց եւ շրջանին մէջ տիրող ներկայ կացութեան միջեւ գծելով զուգահեռներ:

«Հայոց ցեղասպանութենէն 102 տարի ետք այսօր մենք կը յայտնաբերենք, որ արաբներուն դէմ եւ շրջանին մէջ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան գործած աւերներուն եւ աղէտներուն ետին կը կանգնի Թուրքիան, որուն ձեռքերը արդէն իսկ արիւնաթաթախ են: 102 տարի ետք Հայ դատը կը շարունակէ կենդանի մնալ մեր մէջ, որովհետեւ մենք պահանջատիրական պայքարը շարունակող ժողովուրդ մըն ենք:  Մեր բոլոր ձեռնարկները, քայլարշաւները, հսկումներն ու կարգախօսները խղճի կանչեր են, որոնք իբրեւ զարթուցիչ կը ծառայեն արթնցնելու քնացած խիղճերը», հաստատեց ան:

Սօսի Սարգիսեան նշեց, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ նոյն դահիճին` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 6 մայիսի լիբանանցի նահատակներուն յիշատակը չոգեկոչելը մեղադրելի է` աւելցնելով, որ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան պատճառով է, որ աշխարհի տարածքին ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին կրկնուիլ:

Սօսի Սարգիսեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը իւրաքանչիւր հայու համար սուրբ է` դիտել տալով, որ իբրեւ Ցեղասպանութեան չորրորդ եւ հինգերորդ սերունդ, հայութիւնը տակաւին կը յիշէ իր դէմ գործուած սպանդները, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայու տան մէջ կայ Ցեղասպանութեան յուշ մը:

«Հայոց ցեղասպանութենէն 102 տարի ետք մենք 102 անգամ աւելի վճռակամ կը շարունակենք Հայ դատի պայքարը, որ իրաւացի Դատի համար մղուած պայքար է եւ իբրեւ այդպիսին օր մը յաղթանակը անպայման մերը պիտի ըլլայ, եթէ նոյնիսկ մէկ անհատ միայն պայքարի այդ Դատին համար», եզրափակեց ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինի անդամներ Ցոլեր Թալաթինեան եւ Աշոտ Բագրատունի դարձան «Սթրայք» ձայնասփիւռի կայանի հիւրերը:

Մէկ ժամուան յայտագիրին ընթացքին ներկայացուեցան Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութիւնն ու ամփոփ պատմութիւնը:

Ներկայացուեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկները, որոնք տեղի պիտի ունենային Լիբանանի մէջ:

Իբրեւ լիբանանահայ երիտասարդներ,  Թալաթինեան եւ Բագրատունի անդրադարձան նաեւ իրենց լիբանանեան եւ հայկական ինքնութեան` շեշտելով, որ հայապահպանումի օրակարգը անհրաժեշտ է հայ երիտասարդի կեանքին մէջ:

Անոնք ընդգծեցին Հայ դատի պայքարը շարունակելու, հայերէնը պահպանելու եւ հայկական ընտանիք կազմելու  կարեւորութիւնը:

Նախորդը

«Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը Եւ Հատուցել Հայ Ժողովուրդին» Ընդգծեց Վերա Եագուպեան

Յաջորդը

Պըրրի Կը Զօրակցի Հայութեան Դատին

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?