Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զբօսաշրջութեան Նախարարը Մեկնարկը Կատարեց «Վիզիթ Լեպանոն 2017» Ծրագիրին Եւ Արզի Միջազգային Փառատօնին

Ապրիլ 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին մեկնարկը կատարեց «Վիզիթ Լեպանոն 2017» ծրագիրին:

Մամլոյ ասուլիսի իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար, ճամբորդական եւ զբօսաշրջական ընկերութիւններու սենտիքայի նախագահ Ժան Ապպուտ, «Կլոպըլ նեթուըրք» ընկերութեան սեփականատէր Նետիմ Ֆրէյհա` ներկայութեամբ ճաշարաններու սենտիքայի նախագահի ներկայացուցիչ Թոնի Ռամիի եւ զբօսաշրջական տարբեր հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ այս մամլոյ ասուլիսին նպատակն է լիբանանցիները տեղեակ պահել 25 եւ 26 մայիսին կազմակերպուելիք զբօսաշրջական ծրագիրին մանրամասնութիւններէն, որոնց մասին պիտի խօսի Նետիմ Ֆրէյհա:

«Ես կ՛ուզեմ պարզապէս բացատրել խորհրդաժողովին նպատակը: Այս գաղափարը ծնունդ առաւ, երբ խումբ մը երիտասարդներ կը մտածէին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս հանգրուանին Լիբանանի քարոզչութիւնը կատարել զբօսաշրջական առումով: Եւ ինչո՞ւ քարոզչութիւնը կատարել այս հանգրուանին. որովհետեւ Լիբանանը քաղաքական ու ապահովական կայունութիւն կը վայելէ եւ ի վիճակի է բարելաւելու երկրին զբօսաշրջական մարզը, որ հիմքը կը կազմէ երկրին արդիւնաբերական եւ ծառայութենական բոլոր մարզերուն: Լիբանանի մասին տիրող ժխտական կարծիքներուն զուգահեռ, մտածեցինք, որ օտարները Լիբանան հրաւիրելը եւ ցոյց տալը, թէ հոն ի՛նչ մթնոլորտ կը տիրէ, լաւագոյն ձեւն է զանոնք իրականութեան իրազեկ դարձնելու: Թող բոլոր այն երկիրներն ու օտարները, որոնք կը մտածեն, թէ Լիբանանի մէջ պատերազմի եւ սարսափի մթնոլորտ կը տիրէ, գան հոս եւ լուսաբանուին», ըսաւ նախարար Կիտանեան` ողջունելով նաեւ Ծոցի երկիրներուն հետ տարակարծութիւններու փարատումը, որ պիտի արտօնէ արաբ զբօսաշրջիկներուն վերադառնալու Լիբանան:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ այս դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ կը միտին շուկայադրել Լիբանանը` հաւատալով անոր եւ զայն ցոյց տալով բոլորին: «Աշխարհի զբօսաշրջական մարզի բոլոր ներկայացուցիչներն ու լրատուամիջոցները Լիբանան հրաւիրելը յաւելեալ ժամանակ եւ հսկայական պիւտճէ կ՛ենթադրէ, մինչդեռ ժողովուրդները հրաւիրելը եւ անոնց վայելքի առիթ ընձեռելը շատ աւելի գործնական է, որովհետեւ անոնք է, որ պիտի ուղղուին պատմելու Լիբանանի ունեցած զբօսաշրջական առաւելութիւններուն մասին»:

Ա. Կիտանեան շեշտեց «Վիզիթ Լեպանոն» ծրագիրին կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ այդ ծրագիրը պիտի գործադրուի 25 եւ 26 մայիսին: Ան աւելցուց, որ այդ ծրագիրը տարեկան դրութեամբ պիտի գործադրուի` մաղթելով նաեւ, որ զբօսաշրջութեան յաջորդ նախարարները եւս գործադրեն այդ ծրագիրը, որպէսզի Լիբանան կարենայ ներգրաւել մեծ թիւով զբօսաշրջական ու ճամբորդական գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ ճամբորդութիւն, խորհրդաժողովներ, խրախճանքներ եւ փառատօներ կազմակերպող ընկերութիւններ:

«Այս նախաձեռնութիւնը առիթ պիտի ընձեռէ մեզի հիւրընկալելու 150 ընկերութիւն, որոնք պիտի գործակցին լիբանանեան զբօսաշրջական ընկերութիւններուն, պանդոկներուն եւ ճաշարաններուն հետ: Երկօրեայ այս խորհրդաժողովին ընթացքին

պիտի ստորագրուին համաձայնութիւններ», ըսաւ նախարար Կիտանեան` դիտել տալով, որ նախարարութիւնը ընկերային ցանցերուն միջոցով իր առաջին քարոզարշաւը կատարած է առանց մեծ ակնկալութիւններու, սակայն ի յայտ եկած է, թէ ամբողջ աշխարհէն 850 ընկերութիւններ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են Լիբանան գալու եւ երկօրեայ այդ խորհրդաժողովին մասնակցելու:

Ա. Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց զբօսաշրջութեան մարզին մէջ գործող սեփական մարզի ներկայացուցիչներուն ցուցաբերած գործակցութեան համար` ընդգծելով, որ լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը ատակ է բարձրորակ մակարդակ ունենալու:

Իր կարգին, Փիեռ Աշքար շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Կիտանեանին` անոր ջանքերուն եւ գործակցութեան համար, որպէսզի զբօսաշրջութեան մարզը դարձեալ բարգաւաճի, եւ անոր շնորհիւ բարգաւաճին նաեւ տնտեսական մնացեալ մարզերը:

Արզի Միջազգային Փառատօն

2017-ի Արզի միջազգային փառատօնին մեկնարկը յայտարարելու նպատակով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, նախարար Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ Արզի փառատօնը զուտ լիբանանեան ճիգերով կը կազմակերպուի եւ այդ պատճառով ալ այդ փառատօնը Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող փառատօներուն պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի:

Արզի Գ. միջազգային փառատօնին մեկնարկը կատարելու առիթով Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանանի նոր իշխանութեան նստաշրջանին սկիզբը, քրիստոնեայ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողքին նաեւ առկայ է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ համախոհութիւնը` շրջանցելու համար Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց նաեւ, որ երկրին ապահովական կայունութեան առընթեր, զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը եւ զբօսաշրջական մարզի բարգաւաճման ի խնդիր գործող պատասխանատուները ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Լիբանանը վերադարձնելու համաշխարհային զբօսաշրջութեան քարտէսին:

Ա. Կիտանեան ողջունեց նաեւ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ճիգերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ Արզի փառատօնին փառքը վերադարձնել լիբանանեան փառատօներու շարքին, 50 տարուան բացակայութենէ ետք: «Արզի փառատօնը մեզի համար հպարտութիւն է, եւ զայն քաջալերող անպայման փառքի ու կորովի զգացումներով պիտի համակուի», եզրափակեց նախարար Կիտանեան:

 

 

Նախորդը

Այսօրուան Հրամայականը` Հայ Մարդու Կերտում

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակը Արսալ Ներխուժումի Պահուն Սպաննեց Քալամունի ՏԱՀԵՇ-ի Էմիրը

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?