Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Հետեւեցաւ Պաղեստինցիներու Մարդահամարի Ծրագիրին Մանրամասնութիւններուն

April 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հասան Մնայմնէն, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններուն եւ հաւաքավայրերուն մէջ մարդահամար կատարելու ծրագիրի տնօրէն Ապտել Նասեր Ային:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետին ներկայացուեցաւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցիներու մարդահամարի ծրագիրը:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Հարիրիի այցելուները անոր փոխանցեցին պաղեստինցիներու մարդահամարի ծրագիրին մանրամասնութիւնները` նշելով, որ այդ աշխատանքը կը կատարուի Լիբանանի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կողմէ` գործակցութեամբ Պաղեստինեան վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան:

Այս շրջագիծին մէջ, դոկտ. Կիտանեան յայտնեց, որ մարդահամարը պիտի կատարուի 12 պաղեստինեան գաղթակայաններու եւ 126 հաւաքավայրերու մէջ` ընդգծելով, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը արդէն իսկ աւարտած է մարդահամար աշխատանքին նախապատրաստական Ա. փուլը, որուն ընթացքին շէնքերն ու բնակավայրերը թուագրուած են:

Դոկտ. Կիտանեան նշեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը 2 մայիսին պիտի սկսի մարդահամարի աշխատանքը` ընդգծելով, որ առաջին անգամն է, որ այդ աշխատանքը պիտի գործադրուի արդիական մեթոտով` օգտագործելով ելեկտրոնական գործիքներ, որոնք կարողութիւնը ունին հաւաքագրուած տեղեկութիւնները ուղղակի փոխանցելու Կեդրոնական վարչութեան տեղեկութիւններու շտեմարանը:

Դոկտ. Կիտանեան շեշտեց, որ յառաջացած արհեստագիտութեամբ վիճակագրութիւն կատարելու այս ձեւը Միջին Արեւելքի մէջ ցարդ գործադրուած է Յորդանանի եւ Եգիպտոսի կողմէ:

«Թէեւ պաղեստինցիներու թիւերուն մասին տեղեկութիւններ կան ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի, ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն մօտ, սակայն այս աշխատանքէն ետք Լիբանանի եւ պաղեստինեան Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւններուն կատարած վիճակագրութեան արդիւնքները պիտի ճանչցուին իբրեւ պաշտօնական թիւեր», աւելցուց դոկտ. Կիտանեան:

Վարչապետ Հարիրի գոհունակութիւն յայտնեց եւ քաջալերեց կատարուելիք աշխատանքը:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի երեկոյեան ընդունեց Լիբանանի մէջ գործող պատկերասփիւռի կայաններուն տնօրէնները, որոնց հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր` ընդգծելով կայաններուն կողմէ լիբանանեան ազգային համախոհական կեցուածքները  լուսարձակի տակ առնելու կարեւորութիւնը:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց նաեւ, որ պէտք է զանց առնել ամէն տեսակի քաղաքական գերզգայնութիւն:

 

 

Նախորդը

Ռուսիա, Թուրքիա Եւ Իրան Քննարկած Են Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Եւ Գերիներու Փոխանակման Հարցերը

Յաջորդը

«Խորհրդարանի Թափուր Դրութիւնը Կրնայ Սպաննել Ու Տապալել Լիբանանը» Շեշտեց Պութրոս Հարպ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.