Շրջանային իրադարձութիւնները, քաղաքական գետնի վրայ` նոր Միջին Արեւելքի ուրուագծումը, իսկ ապահովական` իսլամական արմատական կազմակերպութեանց, յատկապէս` ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքները, թէ` «Ռամատանի ընթացքին արիւն պիտի հոսի Եւրոպայի մէջ», այս բոլորը` իրենց քաղաքական ու ապահովական հետեւանքներով, որոշ մտավախութիւններ յառաջացուցին նաեւ Լիբանանի մէջ:
Այս ծիրին մէջ, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուեցան յատկապէս դէպի Լոնտոն եւ առհասարակ` դէպի Եւրոպա մեկնող ճամբորդներու քննութեան վերաբերեալ:
Արդարեւ, շաբաթավերջին Լոնտոնի մէջ պատահած ահաբեկչական արարքը դատապարտումի լայն ալիք ստեղծեց նաեւ Լիբանանի մէջ:
Նախագահ Միշել Աուն ցաւակցական անջատ հեռագիրներ յղեց Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին եւ վարչապետ Թերեզա Մէյին` իր եւ լիբանանցի ժողովուրդին ցաւակցութիւնը յայտնելով ինկած զոհերուն համար: «Լիբանան միշտ ձեզի հետ է եւ կը զօրակցի ձեզի», ընդգծեց նախագահ Աուն:
Նմանապէս, վարչապետ Սաատ Հարիրի դատապարտեց Լոնտոնի կամուրջին կից պատահած ահաբեկչական արարքը` նշելով, որ «յաճախ կը փորձուի իսլամութիւնը առնչել ահաբեկչութեան հետ, մինչ իսլամական կրօնը անմաս եւ անմեղ է ահաբեկչական այս արարքներէն»:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ բուռն կերպով դատապարտեց Լոնտոնի ահաբեկչութեան արարքը` ընդգծելով, որ «ահաբեկչութիւնը կրօն չունի»: Իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ Պըրրի շեշտեց, որ ահաբեկչական այս արարքները կը միտին խախտել միջազգային ու շրջանային ապահովական կայունութիւնը` պահանջելով միջազգային համակարգուած ճիգերով հակազդել այս արարքներուն:
Նոյնպէս, Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց Լոնտոնի ահաբեկչական արարքը` կոչ ուղղելով բրիտանական կառավարութեան «սերտելու այս եւ նման արարքներու աղբիւրն ու գաղափարական ենթահողը, հեռու` տնտեսական մեծ ընկերութեանց հաշիւներէն»:
Իր կարգին Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Մանչեսթըրի պայթումէն ետք Լոնտոնի կամուրջի ահաբեկչական արարքը` մաղթելով, որ արեւմտեան ժողովրդավարութեան հիմերը անխախտ ու զօրաւոր մնան: