Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ Լիբանանի ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Մաշնուք Շորթըրի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան վարչութիւններն ու կառոյցները նախապատրաստական աշխատանքի սկսած են` երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու առումով:
Մաշնուք ըսաւ, որ անոնք կը սպասեն ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումին եւ խորհրդարանին կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականի ճշդումին:
Մաշնուք ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա կը նպաստէ երկրին քաղաքական կեանքին կայունացման:
Միւս կողմէ, Մաշնուք ցաւակցութիւն յայտնեց Շորթըրին` Լոնտոնի ահաբեկչութեան պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ իրագործուած ապահովական կանխարգելիչ գործողութեան մը շնորհիւ կարելի եղած է Հարաւային արուարձանները փրկել պայթումէ մը, զոր կը ծրագրէին ահաբեկիչները:
Մաշնուք ընդգծեց, որ ապահովական կանխարգելիչ գործողութիւնը կարելի եղած է յաջողցնել Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին միջեւ փոխադարձ գործակցութեամբ:
Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ իր կարգին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներ:
Շորթըր այցելեց նաեւ վարչական բարգաւաճումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտինի, որ ցաւակցութիւն յայտնեց դեսպանին Լոնտոնի անցեալ շաբաթ գիշերուան ահաբեկչութեան պատճառած զոհերուն համար:
Իզէտտին հաստատեց, որ միջազգային ջանքեր ի գործ պէտք է դրուին` վերացնելու համար ահաբեկչութեան դրդապատճառները:
Իզէտտին ցաւ յայտնեց, որ ահաբեկչական բոլոր արարքները կը գործուին իսլամութեան անունով` ընդգծելով, որ ահաբեկչութեան պատճառած զոհերուն մեծ մասը իսլամներ են:
Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին Իզէտտին եւ Շորթըր քննարկեցին նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: