Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց Պիքֆայա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ Ժեմայէլի հետ քննարկած է Լիբանանի ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումն ու երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու կարելիութիւնը:
Մկրտչեան շեշտեց, որ քննարկուած են նաեւ շրջանը յուզող հարցերն ու Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները:
Ս. Մկրտչեան յայտնեց նաեւ, որ լուսարձակի տակ առնուած է Լիբանանի մէջ հայերուն ունեցած դրական դերակատարութիւնը եւ անոնց ունեցած ներդրումը Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով:
Դեսպան Մկրտչեան նշեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին ինք իրազեկուած է «Պէյթ Մուսթաքպալ»-ի խաղցած մշակութային կարեւոր դերակատարութեան: