Այն միջոցին, երբ պատկան քաղաքական կողմերը լծուած են ընտրութիւններու կայացման նախապատրաստական քայլերուն եւ յատկապէս` ընտրական օրէնքի նոր տարազի մշակման, անդին քաղաքացիական շարժումներ կ՛ազդարարեն գործող ղեկավարները` փութալու ընտրական օրէնքի վճռումին: «Այլապէս, 20 յունիսին երթաք բարով», կը շեշտեն անոնք: