Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Մէջ. Հայկական Խաղաղապահ Ուժերու Հերթափոխի Պաշտօնական Արարողութիւն

Յունիս 6, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Հասցէն դարձեալ հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղն է, ուր կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրանոցը, որուն մէջ կը ծառայեն ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ  ուժերուն մաս կազմող հայկական ուժերը:

Սուրի ճամբուն վրայ, յատկապէս դէպի Նաքուրա եւ Շամաա տանող մայրուղիին վրայ կը նշմարուին հայեր. անոնք կ՛ուղղուին ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրանոց` ներկայ գտնուելու հայկական խաղաղապահ ուժերուն հերթափոխին:

Կ. Աթոյեան                                                 Ֆ. Օլլա                                                         Ս. Մկրտչեան

Հրաժեշտի եւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրանոցի հրամանատար զօր. Ֆրանչիսքօ Օլլա, ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մաս կազմող այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ գործող հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ ՄԱԿ-ի, Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ եւ Լիբանանի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՄԱԿ-ի դրօշակներուն դէպի հանդիսութեան վայրը կատարուած տողանցքով:

Այնուհետեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական 5-րդ ջոկատը ողջունեց իր  հրամանատարը` քափիթեն Կարէն Աթոյեանն ու զօր. Օլլան:

Այնուհետեւ բոլորը միասին ողջունեցին դեսպան Մկրտչեանը:

Մ. Քհնյ. Քէշիշեան                             Ռ. Պոյաճեան

Ս. Նշան եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան «Տէրունական աղօթք»-ով եւ պահպանիչով օրհնեց հայկական ջոկատն ու ներկաները` իր խօսքին մէջ շեշտելով, որ օր մը առաջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին նշած է Հոգեգալստեան տօնը` աւելցնելով, որ կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ յատուկ աղօթք կատարուած է հայ զինուորներուն համար, որպէսզի անոնք յաւելեալ քաջութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ պարտականութեան գիտակցութեան հոգիով լեցուին` իրենց առաքելութիւնը շարունակելու եւ հայութեան հպարտութիւնը դառնալու համար:

Իր կարգին, քափիթեն Աթոյեան ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ իրենց համար մեծ պատիւ է, որ այս առիթով անոնք կը գտնուին հայկական ջոկատի կողքին:

Ան շեշտեց, որ արդէն իսկ անցած են աւելի պատասխանատու եւ պարտաւորեցնող ժամանակաշրջան` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ ապրած են իրարու հետ ապրելու եւ իրարմէ սորվելու լաւ փորձառութիւն:

Քափիթեն Աթոյեան ողջունեց Հայաստանէն եկած հայկական 6-րդ ջոկատը` շեշտելով, որ ինք վստահ է, թէ անոնք մեծ ոգեւորութեամբ եւ նուիրուածութեամբ եկած են Լիբանան` լաւագոյն կերպով իրականացնելու հայ խաղաղապահներու առջեւ զետեղուած առաքելութիւնը:

Ան յաջող ընթացք եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն մաղթեց հայկական 6-րդ ջոկատին:

Քափիթեն Աթոյեանի խօսքէն ետք զօր. Օլլա եւ դեսպան Մկրտչեան ՄԱԿ-ի շքանշանով պարգեւատրեցին արդէն իսկ ծառայութեան 6 ամիսը ամբողջացուցած հայկական 5-րդ ջոկատի 32 զինուորները:

Քափիթեն Աթոյեան իր կարգին պարգեւատրուեցաւ լիբանանեան բանակի յարաբերականի ներկայացուցիչ գնդապետին կողմէ:

Զօր. Օլլայի ներկայութեամբ քափիթեն Աթոյեան ՄԱԿ-ի դրօշը յանձնեց հայկական 6-րդ ջոկատի հրամանատար հազարապետ Արտակ Խաչատրեանին:

Իր խօսքին մէջ զօր. Օլլա ողջունեց հայկական ուժերն ու ներկաները` հաստատելով, որ իրենց համար ուրախ առիթ է ներկայ գտնուիլ հայկական խաղաղապահ ուժերու 5-րդ ջոկատին կողմէ նոյն առաքելութիւնը հայկական 6-րդ ջոկատին յանձնելու պաշտօնական արարողութեան:

Զօր. Օլլա բարձր գնահատեց հայկական խաղաղապահ ուժերը` ընդգծելով, որ հակառակ իրենց փոքր թիւին, անոնք բացառիկ կերպով կը կատարեն իրենց ստանձնած պարտականութիւնը, որն է` ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրանոցին պաշտպանութիւնը, որ շատ հիմնական եւ կարեւոր պարտականութիւն է:

Զօրանոցի հրամանատարը գնահատեց նաեւ քափիթեն Աթոյեանի դերակատարութիւնը, յատկապէս իր ջոկատին կորովը բարձր պահելու իմաստով:

Ան շեշտեց, որ հայկական խաղաղապահ ուժերը պատիւ կը բերեն Հայաստանին:

Զօր. Օլլա յաջողութիւն մաղթեց հազարապետ Խաչատրեանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական ուժերուն` փորձելով հայերէն արտասանել «շնորհակալութիւն» բառը:

Դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2004-էն ի վեր մաս կը կազմէ խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան` սկսելով Քոսովոյէն:

Ան նշեց, որ աշխարհի վրայ խաղաղապահ բոլոր առաքելութիւնները, յատկապէս ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ բացառիկ եւ ազնիւ աշխատանք կը տանին` խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելով այն շրջաններուն մէջ, ուր տագնապ եւ ապակայունութիւն գոյութիւն ունի:

«Ձեր առաքելութիւնը բարձր գնահատուած է բոլոր մակարդակներուն վրայ` միջազգային, ազգային եւ տեղական», ըսաւ դեսպան Մկրտչեան` բարի վերադարձ մաղթելով 5-րդ ջոկատին եւ բարի գալուստ, յաջող ու անփորձանք ծառայութիւն մաղթելով 6-րդ ջոկատին` ի խնդիր Լիբանանի խաղաղութեան:

Սամուէլ Մկրտչեան խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ խաղաղապահ առաքելութեամբ Լիբանան եկած նոր ջոկատին, որպէսզի կարելի եղածին չափ հեզասահ ընթանայ անոր ծառայութիւնը:

Ապա սրտի խօսք արտասանեց Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան-Ս. Խաչ բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ երախտագիտութիւն յայտնեց հայկական ջոկատի խիզախ զինուորներուն Լիբանանի մէջ անոնց ստանձնած խաղաղապահ առաքելութեան առիթով:

Ան շեշտեց, որ խաղաղութիւնը պահպանելով անոնք բարձր կը պահեն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայոց բանակին անունը:

Պաշտօնական ձեռնարկի աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին զինուորներն ու իրենց այցելող լիբանանահայերը միասնաբար հնչեցուցին ազգային ու հայրենասիրական երգեր:

Հիւրասիրութիւնը առիթ մըն էր հանդիպելու հայրենիք մեկնող եւ Լիբանան եկած ջոկատներու անդամներուն հետ:

Մթնոլորտը այնքան հարազատ էր, որ կարծէք վեցամսեայ իրենց ծառայութիւնը աւարտած զինուորներուն հետ տարիներէ ի վեր ծանօթութիւն հաստատուած ըլլար: Միւս կողմէ, Լիբանան հասած հայկական 6-րդ ջոկատի զինուորները բարձր ոգիով ու վճռակամ նայուածքով կը պարտադրէին իրենց պատրաստակամութիւնը` նոյնքան յաջողութեամբ շարունակելու իրենց նախորդներուն ստանձնած ազնիւ պարտականութիւնը:

Ա. Խաչատրեան

Այս առիթով Շամաա ուղղուած «Ազդակ»-ի պատուիրակութիւնը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ հազարապետ Արտակ Խաչատրեանի հետ, որ յայտնեց, թէ ինք նախապէս խաղաղապահ առաքելութեան շրջագիծին մէջ գտնուած էր այլ երկիրներ, որոնց կարգին նաեւ Աֆղանիստան, 2013-ին:

«Առաջին անգամն է, որ կը գտնուիմ Լիբանան: Տպաւորութիւններս շատ լաւ են, շատ հպարտ եմ, շատ ուրախ եմ, որ մեծ թիւով հայեր մեր կողքին են, ե՛ւ դեսպանը, ե՛ւ տէր հայրը մեզի նեցուկ են: Ուղղակի հպարտութիւն կ՛ապրիս այդքան ազգերու մէջ: Մենք մեր գլուխը բարձր ծառայութիւն պիտի կատարենք եւ ամբողջ հայութիւնը մեզմով պիտի հպարտանայ եւ ուրախ ըլլայ», շեշտեց ան:

Հազարապետ Խաչատրեան հաստատեց, որ քափիթեն Աթոյեանի եւ սպաներուն հետ մօտիկ կապ կայ ու գործակցութիւն, որուն ընդմէջէն իրենք արդէն տեղեակ են իրենց ստանձնելիք պարտականութեան մանրամասնութիւններուն եւ հարցերուն մասին, ինչպէս նաեւ գիտեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յաղթահարել այդ դժուարութիւնները:

«Կրնամ ըսել, որ մենք 80 առ հարիւր տեղեակ ենք, թէ ո՛ւր եկած ենք եւ թէ ի՛նչ կացութիւն կը տիրէ», շեշտեց ան:

Հազարապետ Խաչատրեան նկատել տուաւ, որ հայկական 6-րդ ջոկատը եւս 32 զինուոր կը հաշուէ` աւելցնելով, որ իրեն համար յստակ է, որ իրենց ստանձնած առաքելութիւնը հեզասահ ընթացք պիտի ունենայ բոլորին զօրակցութեամբ, «նոյնիսկ եթէ այդ զօրակցութիւնը մեզի կը փոխանցուի ժպիտով մը», ըսաւ ան:

Հազարապետ Խաչատրեան ողջունեց լիբանանահայութիւնը` նշելով, որ իրենք Լիբանան կը գտնուին խաղաղապահ ծառայութիւն մատուցելու համար: «Լիբանանահայութիւնը թող միշտ լաւ մնայ, առողջ եւ հպարտ ըլլայ, որովհետեւ հայ զինուորը միշտ ու անսասան իր կողքին կը գտնուի», եզրափակեց ան:

Եռագոյն դրօշին տողանցքն ու հայ զինուորին կողմէ Հայաստանի քայլերգի խրոխտ երգեցողութիւնը կրնայ փշաքաղել հայրենասէր մը, իսկ երբ այդ տեսարանը կը կրկնուի Հայաստանէն դուրս, կարծէք անիկա յաւելեալ սարսուռներ կը պատճառէ հայ մարդուն:

«Ազդակ»-ի ընտանիքը իր կարգին անփորձանք ծառայութիւն կը մաղթէ խաղաղապահի իր պարտականութիւնը ստանձնած հայ զինուորին` յոյս յայտնելով, որ ան անվտանգ կատարէ իր առաքելութիւնը:

 

 

Նախորդը

Անգարա Եւ Ուաշինկթըն Իրենց Միջնորդութիւնը Կ՛առաջարկեն. Շարք Մը Արաբական Երկիրներ Կը Խզեն Քաթարի Հետ Իրենց Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Հայրենի Բնութեան Պահպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Իւրաքանչիւրիս Առաքելութիւնը»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?