Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Յետաձգուած Նիստին Եւ Արտակարգ Նստաշրջանի Թուականներուն Միջեւ. Աշխուժ Խորհրդակցութիւններ` Կառավարութեան Չորեքշաբթի Օրուան Նիստին Արդիւնաւորման Համար

Յունիս 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի քանի մը օր առաջ յետաձգեց այսօր` երկուշաբթի, 5 յունիսին նախատեսուող խորհրդարանի նիստը: Իսկ հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջան յայտարարեց: Այս երկու ժամկէտներուն միջեւ պատկան կողմերը ժամանակին հետ մրցումի ելած ըլլալու խանդավառութեամբ, լծուած են աշխուժ խորհրդակցութիւններու` առաւելագոյն համեմատութեամբ «շահ» ապահովելու ի նպաստ իրենց ներկայացուցած կողմին:

Այս ծիրին մէջ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ այս չորեքշաբթի 7 յունիսին նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստի արդիւնքներուն առնչութեամբ: Ան արդէն իսկ «գործի լծուած է» այս ուղղութեամբ` մագոգային հանդիպումներ ունենալով պատկան կողմերուն հետ: Այս իմաստով երեսփոխան Ատուան հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ, վարչապետ Սաատ Հարիրի կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ` ներկայութեամբ վարչապետի խորհրդականներէն Նատեր Հարիրիի:

Լրատուական աղբիւրներու համաձայն, Ատուան իր մագոգային խորհրդակցութիւնները շարունակած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի բնակարանին մէջ` ներկայութեամբ Նատեր Հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:

Այս բոլորի լոյսին տակ, այս շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք նիստերն ու խորհրդակցութիւնները վճռորոշ դեր պիտի խաղան ընտրական օրէնքին գծով «սպիտակ ծուխ»-ի արձակման առումով: Մօտեցումները գրեթէ համախոհական կը թուին ըլլալ համամասնական օրէնքի տարբերակին գծով, 15 ընտրաշրջաններու բաժանումով:

Հարցը սակայն մանրամասնութիւններուն շուրջ կեցուածքներու բիւրեղացման մէջ կը կայանայ, ինչ որ այնքան ալ դիւրին չէ:

Նոյն ծիրին մէջ, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի երէկ երեկոյեան վարչապետ Հարիրիի կողմէ գործուղուեցաւ Մաարապ, ուր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի հետ խորհրդակցեցաւ քաղաքական նորագոյն իրադարձութեանց շուրջ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնքի նոր տարազին: Խուրի այս առիթով վերահաստատեց Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող «ամուր դաշինքը»:

Իսկ ընտրութիւններու յետաձգման գծով տարակարծութիւնը կը կայանայ թուականի մանրամասնութեանց մէջ: Փաստօրէն, այն միջոցին, երբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք վերջերս գէթ մէկ տարիով յետաձգման կ՛ակնարկէր` «ընտրութիւններու կայացման նախապատրաստական քայլերու ամբողջացման» հիմնաւորումով, անդին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մարտ 2018-ին կը նախատեսէր ընտրութիւններու կայացումը:

Սակայն երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ յայտարարեց, թէ ոչ աւելի քան չորս-հինգ ամիսով կարելի է յետաձգել ընտրութիւնները:

Նախորդը

Լիբանանը Արտաքին Հարուածներէ Զերծ Պահելու Առաջադրանքով` Լիբանանցի Ղեկավարներ Կը Դատապարտեն Լոնտոնի Ահաբեկչական Արարքը

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Վաւերացուց Թուրքիոյ Մէջ Նահանգին Ներդրումները Ետ Քաշելու Նախագիծը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?