Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարի Հետ Յարաբերութիւնները Սառեցնելու Իմաստով Լիբանան Մնաց Լուռ` Շարունակելով Քննարկել Ընտրական Նոր Օրէնքը

June 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարը շրջափակելու կամ մեկուսացնելու փորձերուն մասին Լիբանան պաշտօնական ոչ մէկ կեցուածք արտայայտեց` շարունակելով ինքզինք շրջանային տագնապներէն եւ հարցերէն չէզոք պահելու քաղաքականութիւնը:

Ընտրական նոր օրէնքին վերաբերող խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան դրական ընթացքով:

Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած շշուկներուն, ընտրական օրէնքը շատ հաւանաբար կրնայ վաւերացուիլ քանի մը օրէն, բայց եւ այնպէս կան նաեւ այլ տեղեկութիւններ, թէ կառավարութեան գումարելիք չորեքշաբթի օրուան նիստին օրակարգը ընտրական օրէնքին վերաբերող կէտ մը չի պարունակեր:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող կեցուածքները` հաստատելով, որ պէտք է ընտրական օրէնքը վաւերացնել 7 յունիսին, որպէսզի խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանին ընթացքին առիթ ստեղծուի քննարկելու այդ օրէնքը:

Երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ի պատիւ տնտեսական խորհուրդներուն, դրամատուներուն եւ ճարտարարուեստի ու առեւտուրի մարզի պատասխանատուներուն սարքուած իֆթարի մը, վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ ընտրական օրէնքը պիտի վաւերացուի, «իսկ ընտրական օրէնքը վաւերացնելէ ետք պիտի կեդրոնանամ երկրին տնտեսութիւնը բարելաւելու վրայ», ընդգծեց ան:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան վարչապետ Հարիրիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը առաւելագոյնը 48 ժամէն կարելի է վաւերացնել:

Իր կարգին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին քննարկումը կրնայ աւարտիլ 24 ժամէն:

Շատ հաւանական է, որ դրական այս մթնոլորտը շարունակուի եւ ընտրական օրէնքը չորեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին վաւերացուի, նոյնիսկ եթէ անիկա օրակարգէ դուրս արծարծուի:

Նախորդը

Ակնարկ. Տոհան Կը Հարուածուի Թիրախ Ունենալով Թեհրանը

Յաջորդը

«Էն.Պի. Էյ.»-ի Աւարտականի Մրցումին Հանդիսատեսներէն

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.