Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ այցելեց պրէօվէի պետական քննութեան մասնակցող աշակերտներուն` հսկելով այդ քննութիւններուն գործադրութեան ձեւին, ինչպէս նաեւ ստուգելով, թէ պրէօվէի քննութեան մասնակցող աշակերտները հանգի՞ստ են, թէ՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն:
Համատէ ողջունեց այն իրականութիւնը, որ աշակերտները հանգիստ կը զգան պատրաստուած հարցարաններուն գծով:
Համատէ յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կրթական մարզը առողջ է: