Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Մէջ Զբօսաշրջութեան Վիճակը Նախորդ Հինգ Տարիներէն Աւելի Լաւ Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

July 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մարոքի դեսպան Մոհամետ Քրինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս կեդրոնանալով տնտեսական գործակցութեան վրայ:

Հանդիպումէն ետք Մարոքի դեսպան Քրին յայտնեց, որ քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջիկներ փոխանակելու եւ զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու հեռանկարները:

Կիտանեան ընդգծեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը բարելաւուին զբօսաշրջիկներ փոխանակելու պարագային:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան վիճակը նախորդ հինգ տարիներէն աւելի լաւ է` աւելցնելով, որ քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւն վայելող որեւէ երկրի պարագային զբօսաշրջութիւնը դրական կերպով կ՛ազդուի:

Ան ընդգծեց, որ այսօր Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզը կազմ ու պատրաստ է:

«Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ: Ֆիթրի տօնին ընթացքին Պէյրութի պանդոկներուն պատուէրները 90 առ հարիւր էին, իսկ Պէյրութէն դուրս` 60 առ հարիւր: Յուլիս ամիսը դրական քայլերով սկսած ենք եւ հաստատ քայլերով պիտի շարունակենք մինչեւ տարեվերջ», շեշտեց ան:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ նախարար նշանակումէն ի վեր ինք կը փորձէ դրական ըլլալ եւ լուսարձակի տակ չառնել երկրին խոցելի կէտերը: «Անկարելին կը կատարենք հակակշիռի տակ պահելու համար կացութիւնը», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ զբօսաշրջութեան մարզի պատասխանատուները ի վերջոյ համոզուած են, որ զբօսաշրջիկներուն նկատմամբ ցուցաբերուած սխալ վարուելակերպը վնաս կը հասցնէ:

Նախարար Կիտանեան եզրափակեց շեշտելով, որ ներկայիս զբօսաշրջութեան կացութիւնը բաւարար է, իսկ ապագայի պարագային պէտք է այլ երկիրներու մէջ Լիբանանի շուկայադրումը կատարել: «Բաւարար է միայն Լիբանանը այլոց ծանօթացնել», շեշտեց նախարար Կիտանեան:

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Բանակին Կանխարգելիչ Գործողութիւնները Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Երաշխաւորող Ապահովական Միջոցառումներ Են»

Յաջորդը

Հարիրի Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Միացեալ Նահանգներ Այցելութեան Ծրագիրը

RelatedPosts

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

October 13, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.