Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանաան. «Բանակը Կարմիր Գիծ Է»

Յուլիս 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը եւ անոր դերակատարութիւնը քննարկումի նիւթ չեն կրնար դառնալ` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականին մօտենալու իրականութիւնը չի նշանակեր, որ բանակին դերակատարութեան մասին պէտք է յաւելեալ կեցուածքներ եւ բանավէճեր ստեղծել:

«Երբեք չենք կարծեր, որ Լիբանանի մէջ կայ մէկը, որ կը մերժէ Արսալի մէջ բանակին գործադրած զինուորական յատուկ գործողութիւնը», ըսաւ Քանաան` հարց տալով, որ արդեօք կա՞յ մէկը, որ կը մտածէ, թէ երկրին սպառնացող վտանգներուն դէմ բանակը պէտք է ձեռնածալ մնայ:

Քանաան հաստատեց, որ բանակին նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքը յստակ է, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրի միշտ զօրակցութիւն կը յայտնէ բանակին եւ ապահովութեան կառոյցներուն:

Քանաան շեշտեց, որ բանակը կարմիր գիծ է` ընդգծելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը համաձայն են սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:

Ան շեշտեց, որ այս շրջագիծին մէջ պէտք չէ մանրամասնութիւններու մասին բանավէճեր ծաւալել, այլեւ` նկատի ունենալ, որ Սուրիա տակաւին ճանչցուած պետութիւն է եւ ներկայացուած ՄԱԿ-ի մէջ:

«Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին քննարկելու այս հարցը եւ համախոհութիւն գոյացնելու այն լուծումին շուրջ, որ լաւագոյնս կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն», ըսաւ Քանաան:

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յատուկ յանձնախումբի  նախագահը ըսաւ, որ պետական պաշտօնեաներուն, ուսուցիչներուն եւ զինուորականներուն տրուելիք աշխատավարձի յաւելումները սերտուած են, եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը տեղեակ են այդ թղթածրարին մանրամասնութիւններէն: «Հետեւաբար, պահանջուածը այն է, որ այդ թղթածրարը վաւերացնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրելիք խորհրդարանի առաջին լիագումար նիստին իսկ», ըսաւ ան:

Քանաան հաստատեց, որ նախորդ երկու տասնամեակներուն ընթացքին լիբանանեան պետութեան եւ վարչակարգին ձախողութեան գինը քաղաքացին պէտք չէ վճարէ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սարրաֆ Այցելեց Բանակի Ժըպ Ժըննինի Զօրամասը

RelatedPosts

Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ
Գլխաւոր լուրեր

Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ

Յունուար 27, 2023
Ֆրենժիէ Եւ Պասիլ Յաջորդաբար  Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին
Լիբանանեան

Ֆրենժիէ Եւ Պասիլ Յաջորդաբար Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին

Յունուար 27, 2023
Դեսպան Աթաբէկեան  Այցելեց Ժըպրան Պասիլի
Լիբանանեան

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ժըպրան Պասիլի

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In