Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինքզինք զետեղած է քաղաքական իշխանութիւններուն տրամադրութեան տակ եւ պատրաստ է գործադրելու իրեն վստահուելիք որեւէ պարտականութիւն:
Իպրահիմ ընդգծեց, որ Սուրիոյ զինուորական մարմիններուն հետ ապահովական մարզին մէջ գործակցութիւնը կանգ չէ առած եւ կը շարունակուի, ինչպէս որ էր պարագան նախորդ շրջաններուն:
Իպրահիմ շեշտեց, որ լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի գործակցութիւնը երկու երկիրներուն շահերուն կը ծառայէ:
Միւս կողմէ, Իպրահիմ նշեց, որ տակաւին պաշտօնական որոշում չկայ սուրիացի գաղթականներու տունդարձի թղթածրարին լուծումը իրեն յանձնելու իմաստով:
Միւս կողմէ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան, անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը Իպրահիմին վստահելու հաւանական որոշումին, հաստատեց, որ այդ քայլը ի նպաստ պիտի ըլլայ սուրիացի գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ շահերուն:
Օսէյրան բարձր գնահատեց Իպրահիմի մօտ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը: