Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Մէջ Գաղթականները Բնակեցնելու Մասին Քննարկումներ Չկան» Շեշտեցին Քաակ Եւ Լազարինի

Յուլիս 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու գործակատար Ֆիլիփ Լազարինի միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի հետապնդած առաջնահերթութիւններուն, որոնցմէ են խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն կայունութեան ամրապնդումը:

Քաակ յայտնեց, որ ՄԱԿ միայն տագնապներուն վերջ դնելու նպատակով չի գործեր, այլեւ կը պայքարի աղքատութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ, ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երկրին ապահովական կառոյցները ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքները յարգելու բոլոր չափանիշները ամբողջացնելու:

Քաակ ողջունեց պետական հաստատութիւններուն մէջ արձանագրուած աշխուժութիւնը, յատկապէս հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ընտրութենէն եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք:

Ան նշեց, որ ՄԱԿ կը հետապնդէ նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մէջ արձանագրուելիք յառաջդիմութեան կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ 20 յուլիսին ինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ամբողջական տեղեկագիր մը պիտի ներկայացնէ Լիբանանի կացութեան եւ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին:

Քաակ հաստատեց, որ Լիբանանին տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւններուն շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ է բանակը զինելու իմաստով յանձնառութիւնը շարունակել:

Քաակ նշեց, որ իրենք տեղեակ են անցեալ շաբաթավերջին Արսալի մէջ բանակին իրագործած զինուորական գործողութեան մասին` հաստատելով, որ ՄԱԿ կը դատապարտէ ահաբեկչական ամէն արարք եւ ահաբեկչական գործողութեան ամէն փորձ:

Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ զինեալներուն եւ քաղաքայիններուն միջեւ տարբերութիւնները պէտք է յարգել` աւելցնելով, որ ՄԱԿ ո՛չ միայն կը գնահատէ եւ կ՛ողջունէ լիբանանեան բանակն ու ապահովական կառոյցները, այլ նաեւ` լիբանանցիները, որոնք սրտբաց ընդունած են պաղեստինցի եւ սուրիացի գաղթականները:

Անդրադառնալով լիբանանեան ջուրերուն մէջ ճշդուելիք Լիբանանի յատուկ տնտեսական շրջանին` Քաակ ըսաւ, որ բնական կազի եւ նաւթի թղթածրարը պիտի ըլլայ առիթ մը Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու:

Իսկ ընտրական նոր օրէնքին մէջ իգական սեռի ներկայացուցչութեան մասնաբաժինի անտեսումին մասին Քաակ ցաւ յայտնեց` մաղթելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ամէն ջանք ի գործ դրուի, որպէսզի խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութիւնը զօրանայ:

Իր կարգին, Լազարինի ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ի համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճումը առաջնահերթութիւն կը նկատուին, յատկապէս երբ Լիբանանի մէջ կը գտնուին աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ:

Լազարինի հաստատեց, որ կատարուած օժանդակութիւններուն կողքին պէտք է նաեւ հաստատել, որ լիբանանեան տնտեսութեան զօրակցութիւնը եւ աշխատանքի առիթներու ստեղծումը իր կարգին կրնայ դրական ներդրում ունենալ` երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը մեղմացնելու առումով:

Պատասխանելով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին հարցումի մը` Քաակ եւ Լազարինի վերահաստատեցին, որ Լիբանանի մէջ գաղթականները բնակեցնելու մասին քննարկումներ չկան` աւելցնելով, որ Լիբանանի, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ մէջ տեղահանուածներուն կեցութիւնը ժամանակաւոր է:

 

Նախորդը

Ալի. «Լիբանան Սուրիայէն Աւելի Ապահով Չէ Եւ Ինքզինք Չէզոք Չի Կրնար Պահել»

Յաջորդը

Իպրահիմ. «Ես Կը Գտնուիմ Քաղաքական Իշխանութիւններուն Տրամադրութեան Տակ Եւ Պատրաստ Եմ Գործադրելու Ինծի Վստահուելիք Որեւէ Պարտականութիւն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?