Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ ինք պիտի չհաստատէ եւ ոչ ալ պիտի ժխտէ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը լուծելու իմաստով իրեն պարտականութիւն յանձնելու մասին լուրերը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ խորհուրդը նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի սպանութեան վերջին դատավարութեան թուական ճշդեց 20 հոկտեմբեր 2017-ը, որուն ընթացքին պիտի արձակուի վճիռը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ Լիբանանի աղբի տագնապին լուծման միակ հասցէն լիբանանեան տարբեր շրջաններու քաղաքապետարաններն են:

ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու պալատի պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ ներկայ իշխանութիւններուն ժամանակաշրջանը փտածութեան դէմ պայքարի ժամանակաշրջան է` աւելցնելով, որ փտածութեան ոչ մէկ արարք պէտք է հովանաւորութեան կամ պաշտպանութեան արժանանայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է բանակին զօրակցիլ` երաշխաւորելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ իր ցուցաբերած թուլամորթութեան` ռազմավարական կարգ մը հարցեր լուծելու իմաստով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց կառավարութեան ուղղակի երկխօսութեան սկսելու Սուրիոյ հետ` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը ապահովելու նպատակով: Ան ընդգծեց, որ Արսալի մէջ բանակին իրագործած զինուորական գործողութիւնը հերոսութիւն էր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ Լիբանանի մէջ պիտի չկարենայ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել, որովհետեւ լիբանանեան բանակն ու Դիմադրութիւնը կը հսկեն երկրին ապահովական կայունութեան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ իրենք կը մաղթեն, որ սուրիացի տեղահանուածները Սուրիոյ ապահով վայրերը վերադառնան ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Պասեմ Շապ յայտնեց, որ Սուրիոյ պետութիւնը ի վիճակի չէ տեղահանուած իր քաղաքացիները վերստին ընդունելու իր երկրին մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կարիքը ունի նոր վարչութեան, իսկ հաշուապահութիւնը` աշխատանքի նոր դրութեան:

ՄԱՐԱՏԱ Հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգուշանալու այն ղեկավարներէն եւ հեղինակութիւններէն, որոնք ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու առումով յստակ կեցուածքներ չունին այլ` փոփոխութեան ենթարկուող կեցուածցքներ:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին վերջ տալու սուրիական պետութեան հետ գործակցութիւնը մերժող կեցուածքներուն: Քանսօ ընդգծեց նաեւ, որ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին նկատմամբ լիբանանեան պետութեան ցուցաբերած վարուելակերպը ամօթալի է:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ժըպրան Արայժի յայտնեց, որ ոչ ոք պիտի համարձակէր սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին խօսիլ, եթէ անոնց համար յստակ դարձած չըլլար Սուրիոյ պետութեան զօրութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց վաւերացնելու պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումները, ինչպէս նաեւ վերատեսութեան ենթարկելու երկրին տնտեսական քաղաքականութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու համար սուրիական վարչակարգին հետ երկխօսութիւնը անխուսափելի է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն ապահով տունդարձին մասին վերջին խօսքը կը պատկանի Լիբանանի կառավարութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները ուղղակիօրէն Լիբանանի դէմ չեն եւ երկրին վրայ ազդեցութիւն պիտի չունենան:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունին` պայքարելու ահաբեկչութեան որջերուն դէմ եւ ոչնչացնելու լիբանանեան բանակին դէմ յարձակող բոլոր զինեալները:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի հաստատեց, որ բանակին հետ մեղսակցելու մասին իրենց հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնը հպարտութիւն է:

«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, սուրիական օդուժը ռմբակոծած է Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի ճակատամարտին վերջնական թուականը ճշդուած է: Նոյն օրաթերթին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ այդ ճակատամարտը կարելի չէ աւարտել առանց սուրիական բանակին միջամտութեան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար Ապու Մալեք Թալլի զինք Իտլիպ փոխադրելու նախապայմանը առաջարկած է` Ժապհաթ Նուսրան Արսալէն հեռացնելու փոխարէն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա իր մարտիկներուն հրահանգած է Արսալի մէջ իրենց ներկայութիւնը ամրապնդել:

«ԺՈՒՄՈՒՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, սուրիացի տեղահանուածներ պարունակող գաղթակայաններուն մէջ կան խմբաւորումներ, որոնք սուրիացի գաղթականները կը մղեն լիբանանեան բանակին դէմ կռուելու:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի դէմ իսրայէլեան նոր պատերազմ մը սանձազերծելու լուրջ տուեալներ չկան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ չորեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին պետական նշանակումներ կատարուին:

Նախորդը

Սուրիոյ Հարաւ-Արեւմուտքին Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւնը Մտաւ Ուժի Մէջ

Յաջորդը

Քանաան. «Բանակը Կարմիր Գիծ Է»

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?