Պէյրութի մէջ իրանցի չորս դիւանագէտներու առեւանգումին 35-րդ տարելիցին առիթով երէկ իրանեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի շեշտեց, որ այդ թղթածրարը զուտ մարդասիրական տարողութիւն ունի` աւելցնելով, որ իրանցի դիւանագէտներու առեւանգումին հիմնական պատասխանատուն Իսրայէլն է:
Ան նշեց, որ Լիբանանի կառավարութեան հետ գործակցութեամբ կրցած են ՄԱԿ-ի մէջ գտնել փաստաթուղթ մը, որ կը հաստատէ, թէ իրանցի չորս դիւանագէտները 1982-ին Պըրպարայի անցարգելին վրայ առեւանգուած են:
Ֆաթհալի կոչ ուղղեց մարդասիրական առաքելութիւններ ստանձնած եւ մարդկային իրաւունքները պաշտպանող բոլոր կազմակերպութիւններուն` իրենց պարտականութիւնները ստանձնելու եւ սիոնական գոյացութեան վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի կարենան իրանցի դիւանագէտներուն ազատ արձակումը երաշխաւորել:
Իր կարգին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուսա այս առիթով կոչ ուղղեց բացայայտելու իրանցի չորս դիւանագէտներուն ճակատագիրը եւ զանոնք ողջ առողջ վերադարձնելու իրենց ընտանիքներուն:



