Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է դատաւորներուն հետ եւ անոնցմէ խնդրած չենթարկուիլ քաղաքական ճնշումներուն, նոյնիսկ եթէ այդ ճնշումը անձամբ ինք բանեցնէ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանանի ազգային շահերը կը պահանջեն գործակցիլ Սուրիոյ կառավարութեան հետ` սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը ապահովելու նպատակով:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը կարելի է լուծել Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցաբար: Միւս կողմէ, Հաժ Հասան ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն լիբանանցիներուն վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու ընդմէջէն աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումը:

ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը Սուրիոյ հետ աւելի ընդարձակ համագործակցութեան մուտք մը պիտի ըլլայ:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ թղթածրարի պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն սուրիական ոճրագործ վարչակարգին հետ գործակցիլ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է նախաձեռնէ սուրիական պետութեան հետ գործակցելու:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի կոչ ուղղեց սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը քաղաքական սակարկութիւններէ հեռու պահելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան սուրիացի տեղահանուածները վերադարձնելու Սուրիոյ ապահով վայրերը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն զարմանք յայտնեց սուրիական պետութեան հետ գործակցելու իմաստով առկայ զգուշացումներէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Սուրիա կայացած պետութիւն է եւ մեր ճանաչումին կարիքը չունի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Սուրիոյ վարչակարգին հետ գործակցութեան կոչ ուղղողներուն նպատակը սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը չէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, թէ իրենք կը սպասեն, որ կառավարութիւնը յայտնէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի կեցուածքը սուրիացի գաղթականներուն հարցով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Տարայայի մէջ ձերբակալեց մեծ թիւով սուրիացիներ, որոնց շուրջ կասկածներ կան ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամները ըլլալու առումով:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը երէկ Ղաժարի եւ Ապպասիէի միջեւ ճամբան հարթեցին, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ շրջանին փշաթելերը վերանորոգեցին: Այս գործողութիւններուն ընթացքին իսրայէլեան «Էմ. Քա.» տիպի օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Ղաժարի վերեւ:

ՇՈՒԷՅՖԱԹԻ մէջ նախանցեալ գիշեր Մշայք եւ Զաայթեր ընտանիքներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնց ընթացքին օգտագործուեցան բիրեր եւ դանակներ: Բախումները պատճառեցին երկու վիրաւոր:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր յարաբերութեան տնօրէն գնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ հաստատեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հրահանգով օդը կրակողներուն նկատմամբ շատ խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ եթէ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի որոշէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցիլ, ինք Թրիփոլիի մէջ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը անկարելի պիտի ըլլայ ապահովել, եթէ երկկողմանի գործակցութիւն գոյութիւն չունենայ:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի շեշտեց, որ պիտի կազմուի յանձնախումբ մը` գործակցելու համար կառավարութեան հետ, սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու իմաստով լուծում մը գտնելու համար:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի գործողութեան իմաստով տրուած ցուցմունքները յստակ էին, որպէսզի անմեղներ չզոհուին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն մը` սուրիական պետութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու անխուսափելիութեան վերաբերեալ: Ըստ նոյն օրաթերթին, սուրիացի գաղթականներուն հարցով սուրիական կառավարութեան հետ աշխատանքը պիտի համակարգէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ` հանրապետութեան նախագահի յատուկ պատուիրակի հանգամանքով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի յուլիս ամսուան աւարտին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ` հանդիպում մը ունենալու համար նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:

 

Նախորդը

Քաթար Կը Մերժէ Ենթարկուիլ Արաբական Քառեակի Պահանջներուն

Յաջորդը

Մաշնուք. «Արսալի Գործողութիւնը Տեղահանուածներուն Դէմ Գործուած Արշաւ Մը Չէ»

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է
Լիբանանեան

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

January 13, 2026
Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը
Լիբանանեան

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.