ԱՐՍԱԼԻ բարձունքներուն վրայ լիբանանեան բանակը վնասազերծեց ական մը, որ զետեղուած էր փողոցին եզերքը` թիրախ դարձնելու համար բանակին շրջուն ջոկատը: Նշենք, որ Ժամալէի հովիտին մէջ երկու ականներ պայթեցան` առանց բանակին շարքերուն մէջ կորուստներ պատճառելու:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ ձերբակալեց լիբանանցի մը, որ անդամ է ահաբեկչական կազմակերպութեան: Ձերբակալեալը հարցաքննութեան ընթացքին յայտնեց, որ իրենք հրահանգներ կը ստանան Ռաքքայէն եւ Մուսուլէն: Ան յայտնեց նաեւ, որ ինք որոշ շրջան մը անդամակցած է Շատի Մաուլաուիի խմբաւորումին եւ Թուրքիոյ մէջ մարզումներու հետեւած:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ շեշտեց արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ Լիբանան այցելութեան կարեւորութիւնը:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգին հետ գործակցելու պարագային անոր օրինականութենէն նուազեցուցած կամ աւելցուցած պիտի չըլլանք:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդը կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ սուրիական իշխանութիւններու դաշնակիցներուն սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը քաղաքական տարակարծութեանց տուն տուող պատճառի չվերածելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ Դամասկոսի հետ երկխօսութեան սկզբունքը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ իրենք ամբողջ Լիբանանի տարածքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը արգիլողները Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնն են:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն երէկ այցելեց կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած կենսոլորտային տագնապները: Հանդիպումին ընթացքին Լասըն յայտնեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը օժանդակելու Լիբանանին` Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ աղբի տեսակաւորման գործարաններ կառուցելու իմաստով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս կոչ ուղղեց Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը մերժող նախարարներուն վերջ տալու իրենց կեցուածքին եւ ըմբռնելու, թէ լիբանանեան ու սուրիական բանակներուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր կայ եւ պէտք է սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը լուծել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութենէն պահանջուած է լիբանանցի քաղաքացիին զօրակցիլ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքին վաւերացման մէջ Հըզպալլա մեծ ներդրում ունեցած է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցութիւնը մերժող կողմերը կը վնասեն Լիբանանի շահերուն:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր յարաբերութեանց պատասխանատու գնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ հաստատեց, որ օդը կրակողներուն հետապնդումը իրենց համար առաջնահերթութիւն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Էտի Ապի Լամաա շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգին հետ գործակցութիւն պիտի չըլլայ` աւելցնելով, որ շրջանին տագնապներէն ինքզինք չէզոք պահելու Լիբանանի քաղաքականութիւնը զայն փրկած է:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն ազատագրումը պէտք է կատարուի լիբանանեան բանակին կողմէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի ընդգծեց, որ Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահով շրջաններ: Այս իմաստով Արայժի ուղղեց նաեւ հետեւեալ հարցումները. «Ինչո՞ւ այն գաղթակայանները, որոնց սնունդը կ՛ապահովեն լիբանանցիները, ահաբեկիչներ կը պահեն. ինչո՞ւ անոնք կ՛ընդունին իրենց մէջ ահաբեկիչներուն գոյութիւնը»:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, շեշտեց, որ Պեքաայի մէջ գործադրուելիք ապահովական ծրագիրները պետութեան նկատմամբ Պեքաայի բնակչութեան վստահութիւնը կ՛ամրապնդեն: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, լիբանանեան բանակը պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ապահովական աղբիւրներ հաստատած են, թէ Արսալէն դէպի լիբանանեան զանազան շրջաններ թափանցելու ահաբեկչութեան վտանգը տակաւին առկայ է: Նոյն աղբիւրները կ՛ընդգծեն, որ Արսալի բարձունքները ահաբեկչութենէ ամբողջովին մաքրագործելու պատրաստութիւնները ամբողջացած են: