Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք. «Երեքշաբթի Օրուան Ցոյցը Արգիլուած Է` Պահպանելու Համար Երկրին Անդորրը»

July 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը կը մերժէ երեքշաբթի օրուան ցոյցը` պահպանելու համար երկրին անդորրը:

Մաշնուք շեշտեց, որ ցոյց կատարելու որեւէ առաջարկ մերժուած է` պահպանելու համար երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նշենք, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը այս որոշումը տուաւ իբրեւ պատասխան ընդդիմադիր սուրիացիներու կողմէ երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի «Սամիր Քասիր»-ի անուան պարտէզին մէջ ցոյց մը կատարելու միտումին:

Նշենք, որ Մաշնուք շաբաթավերջին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի աշխատանքներու ընդհանուր համադրող Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ՄԱԿ-ի տրամադրելիք օժանդակութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Քննարկուեցան նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին կարելիութիւնները` ընդգծելով Սուրիոյ պատերազմին քաղաքական լուծում մը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք շեշտեցին, որ Սուրիոյ ապահովական կայունութեան վերահաստատումը սուրիացիներուն տունդարձը ապահովելու առումով լաւագոյն լուծումն է:

Միւս կողմէ, Մաշնուք նախագահեց յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով նշանակուած ներքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներու յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան ընտրական նոր օրէնքը լաւագոյնս գործադրելու կարելիութիւնները:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Ահաբեկիչներուն Տրամադրութիւնները Զգետնուած Են» Շեշտեց Զօր. Ժոզեֆ Աուն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.