Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստին Նախօրեակին . Մետասաներորդ Պահուն Գոյացած Ելքը Կ՛ենթադրէ Պետական Ամավարկն Ու Աշխատավարձի Յաւելումները Զուգահեռաբար Վաւերացնել

July 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը այսօր պիտի գումարէ օրէնսդրական իր նիստը, որմէ կը սպասուի վաւերացնել պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումները:

Օրէնսդրական նիստին նախօրեակին, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետ Սաատ Հարիրի վարչապետարանին մէջ նախագահեց այդ թղթածրարին վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ, ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, ինչպէս նաեւ  երեսփոխաններ Ժորժ Ատուան, Ալի Ֆայեատ եւ Աքրամ Շեհայէպ:

Երկու ժամ տեւած նիստէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ հասած են այնպիսի փուլի մը, որուն մասին կարելի է ըսել, թէ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու իմաստով լաւատես են:

Խալիլ հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն մասին յառաջդիմութիւն արձանագրուած է եւ այդ թղթածրարի վաւերացման շուրջ համաձայնութիւնը ամբողջական դարձնելու վերջին ճիգերուն մէջ կը գտնուին:

Իր կարգին, երեսփոխան Ատուան շեշտեց, որ նիստը եղած է դրական եւ խորհրդարանը կ՛ուղղուի վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումները:

Ատուան յայտնեց, որ նիստին կարելի եղած է յանգիլ այնպիսի ելքի մը, որուն համաձայն պետական ամավարկն ու աշխատավարձի յաւելումները կարելի է զուգահեռաբար վաւերացնել:

Այս շրջագիծին մէջ կը նախատեսուէր, որ Ատուան այցելէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` անոր ներկայացնելու լուծման համար գոյացած վերոնշեալ տարբերակը:

Նախորդը

«Բանակին Մղած Կանխարգելիչ Պատերազմը Կը Մղուի Իշխանութիւններուն Ցուցմունքներով, Իսկ Տեղեկատուական Մարզին Պարտականութիւնն Է Նախքան Ամբաստանութիւններ Կատարելը` Փաստեր Բացայայտել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ 6,5 Տարիով Բանտարկել Լափշինը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.