Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ Սայտայի մէջ Հըզպալլայի կազմակերպած ձեռնարկի մը ընթացքին բացայայտեց, թէ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը մերժող միջազգային որոշում մը գոյութիւն ունի:
Քասեմ հաստատեց, որ այդ որոշումը կը մերժէ այս փուլին տեղահանուածներուն տունդարձը, որպէսզի առիթ ունենայ տեղահանուածներուն թղթածրարը օգտագործելու` սուրիական վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնելու համար:
Քասեմ հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ միջազգային եւ արաբական ճնշումներուն ենթարկուելու իր կեցուածքին:
Քասեմ նաեւ ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կարելի է ապահովել լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն միջեւ գործակցութեամբ:
Ան աւելցուց, որ սուրիացի տեղահանուածներէն ոմանք վերադարձած են Սուրիա, սակայն անոնք ամէն ամիս կ՛այցելեն Լիբանան` ստանալու համար իրենց ճշդուած օժանդակութիւնը, նկատի ունենալով, որ անոնց անունները տակաւին արձանագրուած են ՄԱԿ-ին մօտ:
«Հետեւաբար ՄԱԿ-ը եւ մեծ պետութիւններն են, որոնք կ՛արգելակեն սուրիացի քաղաքացիներուն տունդարձը», ըսաւ Քասեմ:



