Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէի եւ Պեքաայի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Տարուիշ եպիսկոպոս դրուատեց Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները կարճ ժամանակի ընթացքին ամրապնդելու հոլովոյթը` բարձր գնահատելով լիբանանցի կարգ մը գործարարներու կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած ներդրումները:
Դեսպան Մկրտչեան եւ Տարուիշ եպիսկոպոս կարեւոր նկատեցին փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս առեւտրական մարզին մէջ:



