Լիբանանեան բանակի մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, որ Արսալի ճակատամարտը որեւէ ատեն կրնայ բռնկիլ:
Ճակատամարտին ընթացքին ռմբակոծումի թիրախ պիտի դառնան եւ պիտի մաքրագործուին արեւելեան լեռնաշղթային բարձունքը գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները եւ դիրքերը:
Արսալի ճակատամարտին պիտի մասնակցին լիբանանեան եւ սուրիական բանակները, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի մարտիկները:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, ճակատամարտի ժամանակաւոր յետաձգում կ՛արձանագրուի` ընդառաջելու համար ահաբեկիչներուն կողմէ այդ դիրքերէն հեռանալու իմաստով տրուած խոստումներուն: «Ինչ կը վերաբերի Արսալի ճակատամարտը սկսելու քաղաքական որոշումին, ապա բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ոչ մէկ ատեն քաղաքական որոշումէ կախեալ եղած է, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ոչ մէկ որոշումի կրնայ սպասել», նշեցին զինուորական աղբիւրները:
Այս առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ըսաւ, որ Արսալի ճակատամարտը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ երկիրը բռնագրաւուած է, եւ աւազակները տան մէջ են:
Իր կարգին, Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերէն յստակ հրահանգներ ստացած է Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող երկրագործական սարքերն ու մեքենաները հեռացնելու այդ շրջաններէն:
Հուժէյրի շեշտեց, որ Արսալ Ռաքքայի կամ Մուսուլի չի նմանիր եւ անիկա ապահովութեան ուժերուն դիմաց փակ շրջան մը չէ:
Միւս կողմէ, հաստատուեցաւ, որ Հըզպալլա զինուորապէս եւ գումակային առումով պատրաստ է Արսալի ճակատամարտին:



