Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակին Մղած Կանխարգելիչ Պատերազմը Կը Մղուի Իշխանութիւններուն Ցուցմունքներով, Իսկ Տեղեկատուական Մարզին Պարտականութիւնն Է Նախքան Ամբաստանութիւններ Կատարելը` Փաստեր Բացայայտել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

July 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լսատեսողական լրատուամիջոցներու սենտիքայի խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ռինտալա Ժապպուրի:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին ներկայացուց սենտիքային աշխատանքային ծրագիրը, ինչպէս նաեւ անոր պահանջները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուած կանխարգելիչ պատերազմը իշխանութիւններուն ցուցմունքով կը մղուի` աւելցնելով, որ տեղեկատուական մարզին պարտականութիւնն է նախքան ամբաստանութիւններ կատարելը տեղեկութիւններ պեղել եւ փաստեր բացայայտել:

Նախագահ Աուն նշեց, որ նախորդ 48 ժամերուն ընթացքին երկիրը ապրեցաւ տագնապ մը, որ դրսեւորուեցաւ բանակին դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն ընդմէջէն:

«Բանակը Լիբանանի համար նահատակներ կը մատուցէ` երկիրը եւ քաղաքացին ահաբեկչութենէ պաշտպանելու համար», ըսաւ նախագահ Աուն:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կքած է անոնց ծանր բեռին տակ` աւելցնելով, թէ միջազգային ընտանիքը այդ թղթածրարին նկատմամբ չի ցուցաբերեր այնպիսի մօտեցում մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ դիւրացնել տեղահանուածներու տունդարձը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը յուսայ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովել` վերջ տալու համար Լիբանանի վրայ տեղահանուածներուն ունեցած ժխտական ազդեցութեան:

Նախագահ Աուն նաեւ շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է կեդրոնանայ արդիւնաբերական տնտեսութեան վրայ` ընդգծելով պետական գանձարկղի նիւթական բացին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի: Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքը գործադրելու հեռանկարները:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահը, որ յայտնեց, թէ նախագահին ներկայացուցած է համացանցի գործածութեան սակերուն նուազեցումին, ինչպէս նաեւ համացանցային դրութեան ընդհանուր նորոգութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Աւստրալիոյ մարոնի համայնքի առաջնորդ Շարպել Թարապէյ եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկուեցան Աւստրալիոյ լիբանանեան գաղութին վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Դեսպան Մկրտչեան Կոչ Ուղղեց Հայաստան-Լիբանան Գործակցութիւնը Ամրապնդելու

Յաջորդը

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստին Նախօրեակին . Մետասաներորդ Պահուն Գոյացած Ելքը Կ՛ենթադրէ Պետական Ամավարկն Ու Աշխատավարձի Յաւելումները Զուգահեռաբար Վաւերացնել

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.