Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննայայի Մէջ. Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ Մար Շարպելի Տօնին Առիթով Մատուցուած Պատարագին

July 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Նատիա Աունի, երէկ ուղղուեցաւ Աննայայի Մար Մարուն վանքը` ներկայ գտնուելու համար Մար Շարպելի տօնին առիթով մատուցուած պատարագին, որուն նախագահեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:

Միջազգային հռչակ ունեցող հրաշագործ սուրբի տօնին նուիրուած պատարագին նուիրուած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին ճիշդ հունի մէջ դնելու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հոլովոյթը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շաբաթավերջին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին յղեց հեռագիր մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Աքսայի մզկիթին դէմ գործուած իսրայէլեան մնայուն յարձակումները, ինչպէս նաեւ այդ մզկիթին փակումը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Աքսայի մզկիթին դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած բոլոր բռնարարքները դատապարտելի արարքներ են եւ անոնք մաս կը կազմեն սրբապղծումի ու բռնագրաւումի իսրայէլեան ծրագիրին, որուն նպատակն է Երուսաղէմի դիմագիծը փոփոխութեան ենթարկել` օգտագործելով Միջին Արեւելքի մէջ ներկայիս տիրող զգայուն եւ ծանր իրավիճակը:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց սկսելու արաբական քաղաքական եւ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններու ընդարձակ արշաւ մը` Իսրայէլին պարտադրելու համար վերաբանալ Աքսայի մզկիթը` յարգելով միջազգային օրէնքները, միջազգային ուխտերն ու մարդկային իրաւունքները:

 

Նախորդը

Դեսպան Մկրտչեան Տարուիշի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Շաբաթը Կը Սկսի Աշխատավարձի Յաւելումներն Ու Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Բարձր Յոյսերով

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.