Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի սպաներուն հետ` ներկայութեամբ սպայակոյտի պետին եւ տարբեր զօրամասերու պատասխանատուներուն:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն անդրադարձաւ լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրավիճակին, ինչպէս նաեւ բանակին վերաբերող հարցերուն:
Զօր. Աուն ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ թշնամի Իսրայէլին դիմադրելու կարեւորութիւնը:
Ան ընդգծեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` դրուատելով Արսալի մէջ բանակին գործադրած զինուորական յատուկ գործողութիւնը:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը առաւելագոյն չափով ապահով է: Ան աւելցուց, որ զբօսաշրջութիւնը բացառիկ հեզասահութեամբ կ՛ընթանայ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ: «Ամբողջ Լիբանանի տարածքին տիրող ապահովական կայունութիւնը բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն շնորհիւ է», հաստատեց ան:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ բանակը ամէնօրեայ դրութեամբ ապահովական նուաճումներ կ՛արձանագրէ, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պատերազմին մէջ եւ կանխարգելիչ գործողութիւններով: «Այդ գործողութիւններուն պատճառով ահաբեկիչներուն կորովը ինկած է», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակը յանձնառու է քաղաքացիական անվտանգութեան, եւ այդ պատճառով ալ վերջերս բանակին կատարած գործողութիւններէն մէկուն ընթացքին մեծ թիւով բանակայիններ վիրաւորուեցան:
ՆՇԵՆՔ, որ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը ստանձնած է այլ միջնորդ մը, որ սուրիացի է:
Միւս կողմէ, «Տիար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով բանակին աղբիւրներէն, գրած է, որ բանակի հրամանատարութիւնը առեւանգուած զինուորներուն հարցը չէ անտեսած` աւելցնելով, որ բանակայիններու նուիրումը եւ Լիբանանի նկատմամբ անոնց հաւատարմութիւնը ոչ ոք կասկածի տակ կ՛առնէ: