Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Կը Տիրէ Տալիլ Աքրաայի, Նաժասայի Եւ Զըննարի Բարձունքներուն

August 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամբողջ շաբաթավերջին լիբանանեան բանակը իր օդուժով, թնդանօթներով եւ բազմափող հրթիռային համակարգով բուռն կերպով շարունակեց ռմբակոծել Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ, որոնց պատճառով քանդուեցան ՏԱՀԵՇ-ի կարգ մը դիրքեր եւ խմբաւորումի շարքերուն մէջ արձանագրուեցան զոհեր ու վիրաւորներ:

Հակառակ ռմբակոծումներուն շարունակութեան, բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտին ժամկէտը տակաւին չէ ճշդուած:

Այս շրջագիծին մէջ տարբեր լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ բանակը կրցած է ազատագրել Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն միջեւ գտնուող

Տալիլ Աքրաայի, Նաժասայի եւ Զըննարի բարձունքները, որոնք ռազմավարական դիրքեր են` շրջափակելու համար ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:

Իր ազատագրած բարձունքներուն վրայ բանակը բարձրացուց լիբանանեան դրօշը:

Նշենք, որ բուռն ռմբակոծումներուն կողքին, բանակը կ՛ամրապնդէ նաեւ իր դիրքերը այդ շրջաններուն մէջ` Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտին իբրեւ նախապատրաստութիւն:

Միւս կողմէ, Ռաս Պաալպեքի քաղաքապետական խորհուրդը կազմակերպեց յիշատակի ձեռնարկ մը` ոգեկոչելու համար 2014-ին Ռաս Պաալպեքի մէջ նահատակուած բանակայիններուն յիշատակը:

Ձեռնարկին ընթացքին Ռաս Պաալպեքի քաղաքապետ Տորէյտ Ռահհալ ողջունեց շրջանի ապահովութեան ի խնդիր ահաբեկչութեան դէմ պայքարած ու նահատակուած բանակայիններուն յիշատակը:

Ան ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը` շեշտելով, որ Ռաս Պաալպեք եղած է լիբանանեան բանակին զինուորագրուող տղաք մատակարարող կարեւոր շրջան մը` աւելցնելով, որ բանակի քաջարի զինուորները այս օրերուս կը հարուածեն Ռաս Պաալպեքի բարձունքները` զանոնք ազատագրելու համար ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն:

Իր կարգին, Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար յայտնեց, որ Քաայի բնակիչները կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնեն բանակին եւ անհամբեր են Քաայի բարձունքներու ազատագրման ճակատամարտին:

Նախորդը

Պըրրի Ներկայ Գտնուեցաւ Ռուհանիի Երդման Արարողութեան

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մասնակցի Սպիտակ Տան Առջեւ Եզիտիներու Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.