Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ներկայ Գտնուեցաւ Ռուհանիի Երդման Արարողութեան

August 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Թեհրանի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման արարողութեան` անոր նախագահական երկրորդ նստաշրջանի ստանձնումին առիթով:

Երդման արարողութենէն անմիջապէս ետք Ռուհանի ընդունեց Պըրրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ռուհանի շնորհաւորեց Պըրրին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակներուն առիթով: Ան նշեց, որ Լիբանան` լիբանանցիներով, բանակով եւ Դիմադրութեամբ, պարտութեան մատնած է ահաբեկչութիւնն ու սիոնական գոյացութիւնը:

Ռուհանի շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիի Իրան այցելութեան համար` շեշտելով, որ այդ այցելութիւնը կը դրսեւորէ երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւններն ու մտերմութիւնը:

Ռուհանի նշեց, որ Թեհրան կարեւոր կը նկատէ Պըրրիի ունեցած դերակատարութւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան ու բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումին մէջ:

Ռուհանի յայտնեց, որ Իրան կը յարգէ Լիբանանը եւ միշտ կը զօրակցի անոր, լիբանանցիներուն եւ Դիմադրութեան, որուն ներկայութիւնը կարեւոր է դիմադրելու համար թշնամի Իսրայէլի եւ ահաբեկչութեան սպառնացած վտանգներուն:

Պըրրի շնորհաւորեց Ռուհանին` շեշտելով, որ Լիբանանի կերտած բոլոր յաղթանակներուն մէջ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, բանակն ու Դիմադրութիւնը իրենց դերակատարութիւնը ունին:

Ան նաեւ աւելցուց, որ Արսալի բարձունքներուն ազատագրումը աւելի եւս ամրապնդած է լիբանանեան միասնականութիւնը:

Թեհրանի մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ:

Զարիֆ շնորհաւորեց Պըրրին ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակներուն համար:

Պըրրի. «Կը Մաղթենք, Որ 14 Օգոստոսի Յաղթանակը Ըլլայ Նաեւ
ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Արձանագրուելիք Յաղթանակին Թուականը»

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ` ներկայութեամբ լիբանանցի եւ իրանցի երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ դեսպաններ Ֆատի Հաժի եւ Մոհամետ Ֆաթհալիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Լարիճանի ողջունեց Պըրրիի Թեհրան այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Արսալի մէջ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակը: Ան դրուատեց Պըրրիի ունեցած ներդրումը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ ընտրական նոր օրէնքի մշակումին մէջ:

Իր կարգին, Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Լարիճանիին` խստիւ դատապարտելով Իրանի խորհրդարանին դէմ վերջերս կատարուած ահաբեկչութիւնը եւ դիտել տալով, որ իսլմական աշխարհին մէջ Իրանի խորհրդարանը հազուադէպ ժողովրդավարութիւններէն մէկն է:

Ան նշեց, որ ինք պատիւ ունի ներկայ գտնուելու Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի նախագահութեան երկրորդ նստաշրջանը ստանձնելու պաշտօնական արարողութեան` աւելցնելով, որ հակառակ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող անապահով կացութեան, Լիբանան կը վայելէ իր ապահովութիւնը` աւելի քան Եւրոպան: «Իսկ չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ 2006-էն ի վեր հարաւային Լիբանանը երկրին ամէնէն ապահով շրջանն է», ըսաւ ան:

Պըրրի յայտնեց, որ աստուածային հրաշքէ ետք Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը կարելի կ՛ըլլայ պահպանել լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ եւ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն դերակատարութեամբ, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ անոնց մղած պայքարով:

Պըրրի շեշտեց, որ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն վրայ իր ժխտական հետեւանքները կ՛ունենայ:

2006-ի յուլիսեան պատերազմին մասին Պըրրի ըսաւ, թէ Իսրայէլ, որ ինքզինք զինուորապէս կը նկատէ ամէնէն հզօր երկիրներէն մէկը եւ կը ստանայ զինուորական հսկայական օժանդակութիւններ, Լիբանանի մէջ ծանր պարտութիւն կրեց: Լիբանանցիները` շնորհիւ իրենց ազգային միասնականութեան եւ Դիմադրութեան յաղթեցին, եւ այդ յաղթանակը ապահովելուն մէջ Իրան մեծ դերակատարութիւն ունի:

«Լիբանան սահմանակից երկիր է Պաղեստինի ու Սուրիոյ: Իսրայէլեան գոյացութեան ահաբեկչութենէն ետք զոյգ ահաբեկչութիւններ բռնագրաւեցին Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայի բարձունքները, որոնք նման էին Մազարեհ Շեպաայի: Ճիշդ է, որ Իսրայէլ մեծագոյն ահաբեկչութիւնն է, սակայն այս պարագային մեծ ու փոքր ահաբեկչութիւններուն միջեւ տարբերութիւն չկայ, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը ահաբեկչութիւն է, ուստի պէտք է դիմադրել անոր եւ վերացնել զայն: Արսալի բարձունքներուն ազատագրումը` Դիմադրութեան կողմէ, անկասկած Լիբանանը մղեց ազատագրելու նաեւ իր բռնագրաւուած մնացեալ բարձունքները` Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի մէջ: Նկատի ունենալով, որ այս օրերուն մենք կ՛ապրինք յուլիսեան պատերազմի յաղթանակին յիշատակով, կը մաղթենք, որ 14 օգոստոսի յաղթանակը ըլլայ նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրուելիք յաղթանակին թուականը», շեշտեց Պըրրի:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին` Պըրրի ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի է լուծել միայն քաղաքական միջոցներով` աւելցնելով, որ ինք մտահոգ է, որ Սուրիոյ մէջ վտանգները աւելի եւս շեշտուին, եւ մասնատուի արդէն իսկ բաժան-բաժան դարձած երկիրը:

Անդրադառնալով Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւած տարածութեան` Պըրրի նշեց, որ շրջանին տարածութիւնը շուրջ 200 քառ. քմ է, որուն 60 տոկոսը սուրիական հող է: «Ուրեմն, բնականաբար սուրիական ուժերը իրենց կարգին պիտի ազատագրեն նաեւ իրենց հողերը, եւ ատիկա սուրիական եւ լիբանանեան բանակներուն միջեւ գործակցութեան ու համադրումի կը կարօտի` խուսափելու համար հաւանական սխալներէ», ըսաւ ան:

Պըրրի իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Իրանին` պաղեստինցիներուն եւ պաղեստինեան դիմադրութեան նեցուկ կանգնելուն առիթով: Ան հաստատեց, որ Պաղեստինեան հարցը պէտք է մնայ քաղաքական հիմնահարց, որուն լուծման համար ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել:

 

Նախորդը

Նախարարներ Կիտանեան Եւ Հաժ Հասան Հովանաւորեցին Հերմելի Զբօսաշրջական Համալիրին Բացումը

Յաջորդը

Բանակը Կը Տիրէ Տալիլ Աքրաայի, Նաժասայի Եւ Զըննարի Բարձունքներուն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.