Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ անցեալ շաբաթավերջին Ապտէի հրապարակին վրայ զետեղեց ծաղկեպսակ մը` Բանակի տօնին առիթով:
Այս առիթով Սարրաֆ խօսք առնելով շեշտեց, որ Արսալի եւ այլ շրջաններու բարձունքներու ազատագրումի ճակատամարտը չորս տարի առաջ սկսած է` աւելցնելով, որ ռմբակոծումի բուռն կամ մեղմ եղանակը անպայման ճակատամարտի սկիզբ չի նշանակեր:
Սարրաֆ նշեց, որ բանակը կազմ ու պատրաստ է եւ անոր հրամանատարութիւնը կը ճշդէ ճակատամարտի սկիզբն ու մարտավարութիւնը:
Ան լրատուամիջոցներէն եւ մամուլէն պահանջեց վերլուծումները եւ լուրը առաջին անգամ հաղորդելու մրցումին մէջ չներքաշուիլ, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը մնայուն հոլովոյթ է:
«Արսալի ճակատամարտը սկսած է այն վայրկեանին, երբ լիբանանցի բանակային մը առեւանգուած է, եւ պիտի աւարտի երկրին բոլոր հողերուն ազատագրումով ու առեւանգուած բոլոր բանակայիններուն վերադարձով», յայտնեց ան:
Սարրաֆ ընդգծեց բանակին զօրակցելու կարեւորութիւնը: «Բանակը մեր միակ պաշտպանութիւնն է, եւ ոչ ոքի խորհուրդներուն կարիքը ունինք», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Սարրաֆ հաստատեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած բացարձակ զօրակցութիւնը ամէնէն էականն է եւ անհրաժեշտը:
Սուրիական իշխանութիւններուն հետ գործակցելու հարցին ծիրին մէջ Սարրաֆ կատարեց հետեւեալ հարցադրումը. «Սուրիոյ հետ զինուորապէս գործակցելուն մէջ հարցը ի՞նչ է, եթէ այդ գործակցութիւնը պիտի ծառայէ Լիբանանի շահերուն»:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ոչ ոքի օժանդակութիւնը պիտի պահանջէ, իսկ նման պարագայի, ոչ ոք պիտի զլանայ հասնելու անոր օգնութեան:
Նշենք, որ Սարրաֆ երէկ այցելեց Աքքար եւ Թալ Ապպասի մէջ բանակին նուիրուած յուշարձանին զետեղեց ծաղկեպսակ մը: Ապա ան ուղղուեցաւ Պայնօ եւ այցելեց նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսի բնակարանը:
Սարրաֆ կոչ ուղղեց բոլորին բանակին վրայ ճնշում չբանեցնելու` աւելցնելով, որ իր ցուցմունքներուն համաձայն, բանակի հրամանատարութիւնը իր հայեցողութեամբ պիտի կատարէ իր պարտականութիւնները, «եւ ես պատասխանատու եմ բանակին գործունէութեան քաղաքական որոշումին», եզրափակեց ան: