Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ մեկնեցաւ Թեհրան` ներկայ գտնուելու համար Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի պաշտօնավարութեան երկրորդ նստաշրջանի ստանձնումի պաշտօնական արարողութեան:
Թեհրանի մէջ Պըրրի հանդիպումներ պիտի ունենայ իրանցի պատասխանատուներու հետ:
Մեհրապատի միջազգային օդակայանին մէջ Պըրրի դիմաւորուեցաւ Իրանի խորհրդարանի Ա. փոխնախագահ Մեսուտ Պազեշքեանի կողմէ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի եւ Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Հաժ Ալիի:
Պըրրի յայտնեց, որ ինք հպարտութեամբ եկած է մասնակցելու Իրանի ապրած ժողովրդավարական այս տօնակատարութեան` շնորհիւ Իրանի նախագահական ընտրութիւններուն:
Պըրրի շնորհաւորեց Իրանը եւ իրանցի ժողովուրդը բոլոր պատժամիջոցներուն դէմ անոնց ցուցաբերած գոյատեւումի ուժգին կամքին համար: «Ողջունելի է նաեւ Իրանի զօրակցութիւնը` շրջանի այն երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք կը մերժեն Միջին Արեւելքի բաժանումը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անկարելի է մոռնալ նաեւ պաղեստինցիներուն նկատմամբ Իրանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը:
Ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի մէջ արձանագրուած նոր յաղթանակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ. «Դիմադրութեան համար այդ յաղթանակը նորութիւն մը չէ` նկատի ունենալով 2006-ին Իսրայէլի դէմ անոր արձանագրած յաղթանակը: Յարձակումը յարձակում է ըլլայ ան հարաւէն, թէ արեւելքէն: Արսալի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած յաղթանակը անկիւնադարձային է, եւ անիկա ազգային առումով ո՛չ միայն հաւասար է 2006-ի յաղթանակին, այլեւ` այդ յաղթանակին վրայ յաւելեալ արժէք կը նկատուի»:
Նշենք, որ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ատակ է շարունակելու արեւելեան լեռնաշղթայի մաքրագործումը ահաբեկչութենէն, որ ներկայիս գոյութիւն ունի միայն ՏԱՀԵՇ-ի ընդմէջէն:
Պըրրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը շրջանի լաւագոյն բանակներէն մէկն է եւ ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պայքարին մէջ ինքզինք փաստած է:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի ճակատամարտը սկսելու ժամկէտին, ապա ատիկա կը ճշդուի լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ», հաստատեց Պըրրի:



