Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պաղեստինցի Գաղթականներու Մարդահամարի Ծրագիրը Կատարուեցաւ Արդիական Միջոցներով Եւ Վիճակագրութեան Աշխատանքին Մէջ Եղաւ Անկիւնադարձային» Շեշտեց Դոկտ. Կիտանեան

Օգոստոս 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

2017-ի աւարտին լիբանանեան իշխանութիւնները պիտի կարենան մասնագիտական կերպով վարուիլ պաղեստինցի գաղթականներուն թղթածրարին հետ, պարզապէս որովհետեւ իրենց տրամադրութեան տակ պիտի ունենան յստակ թիւեր եւ գաղթականներուն առօրեային ու կացութեան մասին ճշգրիտ տուեալներ:

Այդ թիւերն ու տուեալները արդիւնք են արդէն իսկ ամիսներէ ի վեր ընթացող աշխատանքին, որուն համար կը գործակցին Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հասան Մնայմնէ, Վիճակագրութեան Կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան վիճակագրութեան Կեդրոնական վարչութիւնը:

Պաղեստինցի գաղթականներուն ճշգրիտ թիւը գիտնալու աշխատանքին քաղաքական ենթահողը ճշդուեցաւ տարի մը առաջ Մնայմնէի եւ լիբանանեան ու պաղեստինեան քաղաքական ու ապահովական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններով` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբը ուղղակիօրէն ենթակայ է Լիբանանի կառավարութեան:

Այդ խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Լիբանանի եւ Պաղեստինեան իշխանութիւններու կառավարութիւններուն միջեւ19 հոկտեմբեր 2016-ին ստորագրուեցաւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը, որուն լոյսին տակ 27 ապրիլ 2017-ին հրապարակուեցաւ նախագահական հրամանագիր մը, ինչպէս նաեւ «Պաղեստինցի գաղթականներուն նկատմամբ լիբանանեան միացեալ տեսակէտ» խորագիրով փաստաթուղթ մը:

Այդ փաստաթուղթի հրապարակումով առաջին անգամն ըլլալով Լիբանանի մէջ քաղաքական հիմնական ուժերը համախոհութիւն ցուցաբերեցին պաղեստինցի գաղթականներուն թղթածրարին մասին:

Թեքնիք սարքաւորումը ապահովելէ ետք, 2 փետրուար 2017-ին, վարչապետ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութեամբ, պաշտօնապէս սկսաւ պաղեստինցի գաղթականներուն, գաղթակայաններուն եւ Լիբանանի տարածքին գտնուող պաղեստինցի գաղթականներու խմբաւորումին մարդահամարի աշխատանքը:

Այս աշխատանքին ու ծրագիրին նպատակն է լիբանանեան պետութիւնը տեղեակ պահել պաղեստինցի գաղթականներուն ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակին մասին, որպէսզի ան կարենայ թուային յստակ պատկերներու վրայ համապատասխան քաղաքականութիւն որդեգրել:

Պաղեստինցի գաղթականներու մարդահամարի ծրագիրը սկսաւ հիմնական երկու յանձնախումբերով, որոնցմէ առաջինը, որ գործադիր յանձնախումբն է, կ՛ընդգրկէ Մնայմնէն, Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպանը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Պաղեստինեան իշխանութիւններու Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեանց ընդհանուր տնօրէնները, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետարաններու նախարարութեան ներկայացուցիչները:

Երկրորդ յանձնախումբը, որուն պարտականութիւնը խորհրդատուական է, կ՛ընդգրկէ ԷՍՔՈՒԱ-ի, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի, ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի, ՄԱԿ-ի բնակութեան ֆոնտի եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ:

Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբը այս աշխատանքին յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով երաշխաւորած է լիբանանեան եւ պաղեստինեան քաղաքական, ապահովական եւ ժողովրդային հովանաւորութիւն: Այս իմաստով լիբանանեան բանակին, ապահովութեան ուժերուն, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն, գաղտնի սպասարկութեան եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին դիմումներ ներկայացուած են` խնդրելով այս աշխատանքին ընթացքին անոնց զօրակցութիւնը:

Նամակներ յղուած են նաեւ համապատասխան նախարարութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան բոլոր խմբաւորումներուն եւ հեղինակութիւններուն, որոնք ընդառաջած են եւ գաղթակայաններուն մէջ քարոզչական աշխատանքի նախաձեռնած` մարդահամարի այս աշխատանքին հեզասահ ընթացք մը ապահովելու նպատակով:

Այս աշխատանքը անկարելի պիտի ըլլար առանց գետնի վրայ գործող հսկայ անձնակազմին, որուն մաս կազմեցին 800 լիբանանցի եւ պաղեստինցի երիտասարդներ (80 առ հարիւրը իգական սեռի ներկայացուցիչներ): Անոնք ուղղուեցան 12 պաղեստինեան գաղթակայաններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տարածքին գտնուող պաղեստինցի գաղթականներու խմբաւորումներու 126 վայրեր` կատարելու համար իրենց աշխատանքը:

Դոկտ. Կիտանեան այս բոլոր տեղեկութիւններուն անդրադարձաւ Ազգային լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:

Ան նշեց, որ մարդահամարի աշխատանքը անկարելի պիտի ըլլար, եթէ արդիական միջոցներ չօգտագործուէին:

«Փոխան թուղթ-մատիտի, հարցախոյզերը ամբողջացան ելեկտրոնական սարքերով, որոնց կարելի եղաւ տեղւոյն վրայ հետեւիլ` օգտագործելով «Ճի. Փի. Էս.»-ներ եւ իմանալով հարցախոյզը կատարելու ճշգրիտ վայրը»:

Դոկտ. Կիտանեան շեշտեց, որ վիճակագրութեան ապագայ աշխատանքներուն համար այս մէկը անկիւնադարձային կը նկատուի, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով է, որ վիճակագրութիւն կը կատարուի բնակչութեան որոշ շերտի մը համար, աշխարհագրական որոշ տարածութեան մը վրայ` օգտագործելով գերարդիական սարքեր ու թեքնիքներ, որոնց շնորհիւ վիճակագրութեան արդիւնքները շատ աւելի ճշգրիտ դուրս կու գան:

Դոկտ. Կիտանեան դիտել տուաւ, որ հարցախոյզը կը պարփակէ 95 հարցում, որոնց պատասխանելու համար կէս ժամ ճշդուած է, սակայն այդ փուլը կը կանխէ նախապատրաստական փուլ մը, որ կ՛ընդգրկէ միայն 10 հարցում` պաղեստինցիին ներկայութեան, ամուսնական կարգավիճակին, ինչպէս նաեւ անոր բնակած շէնքին վիճակին եւ անուան մասին:

«Վիճակագրութեան սկզբունքներուն յանձնառութենէն մեկնելով, ընտանիքներուն տուած պատասխանները կը ստուգուին: Այդ աշխատանքը կը կատարեն 500 երիտասարդներ, որոնք կը վերստուգեն հարցախոյզերու ընթացքին տրուած պատասխանները եւ տեղւոյն վրայ կը սրբագրուին` նկատի ունենալով, որ անոնք առցանց կը հետեւին հարցախոյզերը լեցնելու աշխատանքին: Իսկ եթէ կարիքը զգացուի եւ անտրամաբանական պատասխաններ արձանագրուած ըլլան,  անոնք դարձեալ կ՛ուղղուին հարցախոյզին շրջանը, զայն կրկնելու նպատակով», ըսաւ ան:

Դոկտ. Կիտանեան շեշտեց, որ պաղեստինցի գաղթականներու մարդահամարի ծրագիրին երրորդ եւ վերջին փուլը պիտի աւարտի այս ամսուան աւարտին, իսկ սեպտեմբերին պիտի սկսին ցուցակներու պատրաստութիւնն ու արագ վերլուծումի աշխատանքը, պայմանաւ որ հետագային աւելի խոր վերլուծումներ կատարուին:

«Օգտագործուած արդիական սարքերուն շնորհիւ մէկուկէս տարուան աշխատանքին տեւողութիւնը նուազեցաւ երեք ամսուան, ինչ որ քաջալերական է մեր ապագայ աշխատանքները նոյն ձեւով կատարելու իմաստով: Այդ միջոցներուն շնորհիւ կարելի եղաւ յոգնութիւն խնայել, առիթ ստեղծուեցաւ աշխատանքին ուղղակի հսկել, ինչպէս նաեւ արագ եւ ոչ-կեղծուած արդիւնքներ ստանալ», հաստատեց դոկտ. Կիտանեան:

Ան ընդգծեց, որ վիճակագրութեան հաշուարկը ամրապնդած է Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կարողութիւնները, «սակայն կարեւորագոյնը լիբանանեան եւ պաղեստինեան անձնակազմերուն աշխատանքի համադրումն ու գործակցութիւնն է` ծրագիրին տնօրինումին, թէ գետնի վրայ տարուած աշխատանքին վերաբերեալ: Անշուշտ որոշ հարցեր դիմագրաւեցինք, սակայն Մնայմնէի կողմէ մէկ տարուան ընթացքին ի գործ դրուած ճիգերը օժանդակեցին, որ հարցախոյզերը հեզասահ կերպով ընթանան: Այդ ջանքերուն շնորհիւ պաղեստինցի գաղթականները բացառիկ դիւրութեամբ ընդառաջեցին հարցախոյզերուն», յայտնեց ան:

Դոկտ. Կիտանեան մերժեց բացայայտել պաղեստինցի գաղթականներուն թիւը, մինչեւ անոր պաշտօնական հրապարակումը: Ան շեշտեց, որ այս աշխատանքը պիտի ըլլայ օգտակար` աւելցնելով, թէ այդ արդիւնքները պիտի քաջալերեն լիբանանցիները եւս հաշուարկներ կատարելու եւ նախաձեռնելու վիճակագրական այնպիսի ծրագիրի մը, որուն հիման վրայ երկրին ընկերային ու տնտեսական իրավիճակը թուային պատկերներով ներկայացուի եւ անոր համապատասխանող դասաւորումները որդեգրուին` հոգալու համար լիբանանցիներուն կարիքները:

Հարկ է նշել, որ այս նոյն ծրագիրին մասին դոկտ. Կիտանեան հարցազրոյց մը ունեցաւ նաեւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ, որուն ընթացքին ան լուսարձակի տակ առաւ  պաղեստինցի գաղթականներու մարդահամարի ծրագիրը` բացատրելով աշխատանքին ընթացքը:

«Վիճակագրութեան հաշուարկը կը կատարուի միջազգային չափանիշներով եւ օգտագործելով գերարդիական սարքեր ու թեքնիքներ, որոնց օգտագործումը կ՛արտօնէ տեղեկութիւնները գաղտնի պահելու միջազգային օրէնքներուն յանձնառութիւնը», ըսաւ ան:

Նախորդը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Մը

Յաջորդը

«Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը Պահպանեց Լիբանանը Եւ Բարձրացուց Ահաբեկչութեան Դիմադրելու Անոր Կարողութիւնները» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?