Լեռնալիբանանի հաշտութեան 16-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ուղղուեցաւ Տէյր Քամար` ներկայ գտնուելու համար այս առիթով Սայիտաթ Թալլէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Պատարագին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ, նախարարներ Սեզար Ապի Խալիլ, Թարեք Խաթիպ եւ Ղաթթաս Խուրի, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլէ Քաչիա, Թայմուր Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Տէյր Քամարի ու Շուֆի հեղինակութիւններ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ այս առիթով կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Նախագա՛հ Աուն, բարի եկած էք Շուֆ»:
Ռայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ նախագահ Աունին մաղթեց իմաստութիւն` դիմագրաւելու համար Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Նշենք, որ յետմիջօրէին Պէյթէտտինի Ամին իշխանի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնալիբանանի հաշտութեան 16-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ձեռնարկը հովանաւորող Ռայի պատրիարքը 2001-ին Մուխթարայի պալատին մէջ տեղի ունեցած Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը նկատեց պատմական`, աւելցնելով, որ այդ հաշտութիւնը Լիբանանին նոր յոյս ներշնչած է:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութեան նպատակն էր լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել` աւելցնելով, որ քաղաքական ու ընկերային հաշտութիւնը կայացած է եւ կարիքը կայ փոխադարձ յաւելեալ վստահութեամբ շարունակելու միասնական կեանքը Լեռնալիբանանի մէջ:
Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ Լեռնալիբանանի տնտեսութիւնը ամրապնդուի, եւ կոչ ուղղեց պետութեան Լեռնալիբանանի մէջ իր ծառայութիւնները ամրապնդելու, հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնելու եւ ենթակառոյցը բարելաւելու:
«Լիբանանի բարօրութիւնը Լեռնալիբանանի բարօրութենէն է եւ պէտք չէ ճիգ խնայել` ի խնդիր այս հաշտութեան ամրապնդումին», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան յայտնեց, որ համագործակցութեամբ կարելի է դժուարութիւններուն դէմ դնել, իսկ խորհրդակցելով` որեւէ թիւրիմացութիւն լուծել:
Իր կարգին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ իրենք ու Ռայի պատրիարքը մէկ են եւ պատրաստ են փրկելու երկիրը ոեւէ օտար հոգատարութենէ ու նոր արկածախնդրութիւններէ:
Համատէ նշեց, որ 2000-ին Իսրայէլի դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակէն եւ հարաւային Լիբանանի ազատագրումէն ետք լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը, յատկապէս Ուալիտ Ժոմպլաթ գիտակցութիւնը ունեցան ընդառաջելու մարոնի համայնքի Պութրոս Սֆէյր պատրիարքին ուղղած հաշտութեան կոչին:
Երեսփոխան Ատուան իր խօսքին մէջ դրուատեց Լեռնալիբանանի մէջ գոյացած հաշտութիւնը` շեշտելով, որ լիբանանցիներուն հաշտութեան կամքը աւելի հզօր է, քան` բաժանումը:
Իր խօսքը ուղղելով Ժոմպլաթին` Ատուան շեշտեց, որ առանց անոր քաջութեան Լեռնալիբանանը այսօրուան իր իրավիճակին մէջ չէր ըլլար:



