Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` Արսալի բարձունքներու ազատագրումին յաջորդող փուլին մասին:
Սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց Դիմադրութեան ազատ արձակուած գերիներն ու անոնց ընտանիքները, ինչպէս նաեւ նահատակներուն ընտանիքները` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան գերեվարուած այլ մարտիկներուն եւ նահատակներու դիակներուն շուրջ բանակցելու ու փոխանակում կատարելու ճիգերը ընթացքի մէջ են եւ ինք անձամբ կը հսկէ այդ աշխատանքին:
Արսալի բարձունքներուն վրայ մղուած ճակատամարտէն ետք Ժապհաթ Նուսրայի հետ ընթացած բանակցութիւններուն եւ անոնց յաջողութեան անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա բարձր գնահատեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ի գործ դրած ջանքերը:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Ապպաս Իպրահիմ անխոնջ ու բծախնդիր աշխատող է եւ բանակցութիւնները վարելու հսկայ կարողութիւն ունի:
Գետնի վրայ մղուած ճակատամարտերուն մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ մինչ Դիմադրութիւնը Արսալի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ կը կռուէր, սուրիական բանակը Ֆլիթայի բարձունքներուն վրայ կը պայքարէր նոյն կազմակերպութեան զինեալներուն դէմ:
«Հետեւաբար ճակատամարտերուն զուգահեռ ընթացքը արձանագրուած յաղթանակին բանալին էր», ըսաւ ան:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ակնարկեց նաեւ այդ յաղթանակը երաշխաւորելու մէջ սուրիական իշխանութիւններուն եւ սուրիական բանակին ունեցած դերակատարութեան: Ան ընդգծեց, որ սուրիական իշխանութիւնները բանակցութիւններուն գծով յայտնած իրենց համաձայնութեան ընդմէջէն դիւրացուցին լիբանանեան հողերէն Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն պարպումը:
Այս շրջագիծին մէջ, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւնները յանձնառու են Սուրիան ահաբեկչութենէ մաքրագործելու առաքելութեան եւ այդ նպատակով ալ պայքարը կը շարունակեն: Ան շեշտեց, որ սուրիական Մատայա, Զապատանի, Քուսայա եւ Պլուտան շրջանները ապահով են եւ կեանքով կը խայտան: «Հետեւաբար Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը կարելի կը դառնայ` սուրիական իշխանութիւններուն հետ գործակցութեամբ: Ո՛չ ոք տեղահանուածներուն անվտանգութեան յանձնառութիւնը չի կրնար պատճառաբանել, երբ սուրիական իշխանութիւնները նախանձախնդիր են իրենց քաղաքացիներուն ապահովութեան», շեշտեց ան: Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւններուն տեղահանուածներուն թղթածրարը քաղաքական, տնտեսական կամ նիւթական թղթածրարի չվերածելու, այլ այդ թղթածրարին հետ վարուելու նկատի ունենալով անոր մարդկային բնոյթը: «Կոչ կ՛ուղղեմ Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւններուն այս հարցով գործակցելու Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց բանակի օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Աունի արտասանած խօսքին եւ Լիբանանի բարձունքներուն ազատագրումին մասին անոր նշած եզրերուն` շեշտելով, որ իբրեւ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածք անիկա շատ կարեւոր կը նկատուի: «Նախագահ Աուն յանձնառու մնաց նաեւ բանակցութիւններուն եւ յաջողցուց զանոնք», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքներուն` հաստատելով, որ անոնք եւս դրական էին եւ իրենց ցուցաբերած գործակցութեամբ նպաստեցին բանակցութիւններուն յաջողութեան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն ազատագրումը բացառիկ յաջողութեամբ աւարտած է եւ անիկա ինքնին ռազմական նուաճում մըն է:
Ան կոչ ուղղեց բանակին ստանձնելու Արսալի բարձունքները եւ կոչ ուղղեց արսալցիներուն ուղղուելու այդ բարձունքներուն վրայ իրենց աշխատանքներուն` հաստատելով, որ Դիմադրութեան մարտիկները Արսալի մէջ մնալու ոչ մէկ ծրագիր ունին:
Յաջորդ փուլին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ երբ սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները սկսան հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, ծրագրած էին շարունակել զայն` հասնելով մինչեւ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներ, մաքրագործելու համար նաեւ ՏԱՀԵՇ-ը:
«Սակայն այժմ բոլորին համար ծանօթ է, որ այդ ճակատամարտը պիտի մղէ լիբանանեան բանակը, որ ատակ է եւ կարող` յաղթելու ՏԱՀԵՇ-ին», ըսաւ ան:
Ան ընդվզում յայտնեց բանակին առաքելութիւնը կասեցնող քաղաքական որոշումին դէմ` շեշտելով, որ բանակին ատակութիւնը եւ զօրութիւնը կարելի չէ կասկածի տակ առնել: «Հիմնական հարցը քաղաքական մտածողութիւնն է եւ անոր հիման վրայ տրուած քաղաքական որոշումը», ըսաւ ան:
Ան հարց տուաւ, որ 2014-ին, երբ բանակին դէմ յարձակում գործուեցաւ, բանակը չէ՞ր կրնար պայքարիլ այդ խմբաւորումներուն դէմ եւ տեղւոյն վրայ ազատագրել լիբանանեան հողերը: «Ո՞վ էր օրին բանակին այդ գործողութիւնը արգիլողը», հարց տուաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ յաջորդ ճակատամարտին պարագային Հըզպալլա բանակին տրամադրութեան տակ կը գտնուի եւ առանց նախապայմանի պիտի ենթարկուի բանակի հրամանատարութեան` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը պիտի ճշդէ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները մաքրագործելու ճակատամարտին ժամկէտը:
«Հոս պէտք է նշել սակայն, որ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն միացած սուրիական հողերուն վրայ նաեւ պիտի ընթանայ ճակատամարտ մը` օգտագործելով Արսալի բարձունքներուն պարագային որդեգրուած զուգահեռ կռիւի ռազմավարութիւնը: Սուրիական հողերուն վրայ ճակատամարտին պիտի մասնակցին սուրիական բանակն ու Դիմադրութիւնը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ այդ ճակատամարտը պիտի պսակուի հաւատադրժողական ահաբեկչութեան կրելիք ծանր պարտութեամբ:
Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը ուղղելով ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն նշեց, որ անոնք արդէն իսկ պարտուած են, եւ յորդորեց անոնց դասեր քաղելու Ժապհաթ Նուսրայէն եւ սկիզբէն բանակցելու` աւելցնելով, որ բանակցութեան դռները բաց են:
Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման ակնարկող տեղեկութիւններուն մասին Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Հըզպալլա նախանձախնդիր է այդ յարաբերութիւններու պահպանումին: Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլա Քուէյթ զէնք չէ ուղարկած: Ան ժխտեց Քուէյթի մէջ Դիմադրութեան գործիչներու գոյութիւնը` աւելցնելով, որ Հըզպալլա Քուէյթի դէմ ոչ մէկ սադրանք կը նախապատրաստէ:
«Քուէյթի դէմ գործելու իմաստով մեզի վերագրուած բոլոր ամբաստանութիւնները քաղաքական են», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:



