Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց «Օժերօ», ուր ան գործակցութիւնը համադրելու նիստ մը գումարեց «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հաղորդակցութեան ցանցին վերաբերող հարցեր, որոնց լոյսին տակ Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, թէ հաղորդակցութեան մարզին մէջ Լիբանան կ՛ուղղուի առաջնակարգ դիրքեր գրաւելու:
Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը պատասխանատու են ժողովուրդին անվտանգութեան:
«Անվտանգութիւնը կ՛ապահովենք սիրով, համոզելով եւ հաղորդակցելով», նշեց ան: ՄԻՒՍ կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ահաբեկչական խմբաւորումները եւ բջիջները հետապնդելու շրջագիծին մէջ, ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են ՏԱՀԵՇ-ի անդամ պաղեստինցի Ժ. Ժ.-ն:
Ժ. Ժ. հարցաքննութեան ընթացքին հաստատեց, որ ինք ընկերային ցանցերու ընդմէջէն անդամակցած է խմբաւորումներու եւ ապա ծանօթացած ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներուն ու անոնց հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդած:
Ան կը պատրաստուէր մեկնելու Սուրիա` միանալու համար ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն:



