Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցի Նախարարներ Կ՛այցելեն Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէս

August 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Եուսեֆ Ֆինիանոս այսօր կ՛այցելէ Դամասկոս` ներկայ գտնուելու Դամասկոսի միջազգային ցուցահանդէսին: Այս մասին արտայայտուելով` նախարար Ֆինիանոս յայտնեց, թէ ինք կը մեկնի իր նախարարի պաշտօնական հանգամանքով:

Նախքան այդ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր եւս երէկ իրենց նախարարութենէն պատուիրակութիւններ գլխաւորելով մեկնեցան Դամասկոս` ներկայ գտնուելու նշեալ ցուցահանդէսին:

Նախարարներու այս այցելութիւնը որոշ տարակարծութիւններու դուռ բացաւ եւ կարգ մը քաղաքական դէմքեր քննադատեցին այս քայլը:

Նախարար Ղազի Զաայթեր, յիշեցնելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի իրեն ուղղած «քալելով գնա՛» թելադրանքը, ընդգծեց, թէ ինք Ամալ շարժումի կողմէ անդամ է կառավարութեան եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ գործուղուած է այս այցելութեան: Ան աւելցուց, որ այս եւ նման առիթներով Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը օգտակար եւ շահաբեր է միաժամանակ Լիբանանի եւ Սուրիոյ համար:

Իր կարգին, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ ինք կը մեկնի ընդառաջելով սուրիացի իր պաշտօնակիցին պաշտօնական հրաւէրին: Ան աւելցուց, որ շուրջ վաթսուն անդամներէ բաղկացած իր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ պիտի քննէ Սուրիոյ պատկան մարզերուն հետ գործակցութեան կարելիութիւնը` յոյս յայտնելով  մասնակցիլ Սուրիոյ վերակառուցման ճիգերուն եւ ծրագիրներու իրկականացման: «Մենք հոս եկած ենք շնորհաւորելու նախագահ Պաշշար Ասատն ու սուրիացի ժողովուրդը` ահաբեկչութեան դէմ իրենց տարած յաղթանակին համար», ընդգծեց նախարար Հաժ Հասան:

Հարիրի Կը Ծրագրէ Դամասկո՞ս Այցելել

Լիբանանցի նախարարներու Սուրիա այցելութիւնը եւ առհասարակ Սուրիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակելու հակամէտ կողմեր իրենց քննադատութիւններուն սլաքները ուղղեցին նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրին:  Ըստ անոնց, վարչապետ Հարիրի կը ծրագրէ «որոշ անձնաւորութիւններ գործուղել Սուրիա, եւ ինչու ոչ` նաեւ ի՛նք կը ծրագրէ Դամասկոս այցելել»:

Նաեւ` Նախարար Մլհեմ Ռիաշի

Տեղեկատուութեան նախարար Մլհեմ Ռիաշի իր կարգին քննադատեց եւ դէմ արտայայտուեցաւ Սուրիա այցելութեան գաղափարին: «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին տուած իր յայտարարութեամբ նախարար Ռիաշի մաղթեց, որ ատիկա լիբանանեան ներքին երկփեղկումի չյանգի:

 

 

Նախորդը

Համահայկական Համագումարին Պիտի Քննարկուի Համահայկական Խորհուրդ Հիմնելու Գաղափարը

Յաջորդը

Ահաբեկչական Արարքին Զոհերու Տունդարձին Համար. Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը Այսօր Պիտի Մեկնի Պուրքինա Ֆասօ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.