Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկիրը Յուզող Քաղաքական Եւ Ընկերային Հարցերու Լուծման Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանանցիք Կը Հետեւին Իշխանութեան Որդեգրած Միջոցառումներուն

Օգոստոս 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատամարտի սկիզբին յայտարարութեան, Ժապհաթ Նուսրայի հետեւորդ Սարայա Ահլ Շամ խմբաւորումի Արսալէն մեկնումի նախօրեակին եւ Պաապտայի երկխօսութեան կոչի լոյսին տակ հայեացքները կեդրոնացած են երկրի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման հոլովոյթին վրայ:

Արդարեւ, նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ իր այցելուներու ներկայութեան կատարած յայտարարութեան մէջ կարեւոր նկատեց շաբաթասկիզբին նախատեսուող երկխօսութիւնը, որ կը միտի «բարւոք ելք մը գտնել երկրի տնտեսական դժուարութիւններուն` առանց վնասելու առնչակից կողմերուն»: Ըստ  պատկերասփիւռի «Օ. Թի. Վի.» կայանին, այս հանդիպումին պիտի մասնակցին երեսուն անձնաւորութիւններ: Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք այս հանդիպումը հիմնականին մէջ պիտի քննէ պետական մարզի պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումի հարցը, որուն շուրջ խոր տարակարծութիւն կը տիրէ առնչակից (հատուցող եւ օգտուող) կողմերուն միջեւ:

Լիբանանեան ընկերային-տնտեսական կեանքին մէջ աննախընթաց այս հանդիպումին գծով մեծ ակնկալութիւններ կան առնչակից կողմերէն, եւ այս գծով անոնց ներկայացուցիչները սպառնացին «փողոց իջնել» իրենց իրաւունքներու անտեսման եւ խորհրդարանին կողմէ առ ի վաւերացում նախագահին յղուած աշխատավարձերու օրինագիծի խորհրդարան վերադարձի  պարագային:

Միւս կողմէ, յուլիս ամսուան ընթացքին Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանող թէ մեկնող անցորդ-ճամբորդներուն թիւը հասած է շուրջ մէկ միլիոնի, ինչ որ աննախընթաց է օդակայանի պատմութեան մէջ: Քայլ մը, որ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ, թէ Լիբանան ապահով վայր է:

Նաեւ` Քաղաքական-Ապահովական Մարզին Մէջ

Ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման առաջադրանքով նախատեսուող Պաապտայի երկխօսութեան հանդիպումին կողքին հայեացքները նաեւ սեւեռած են անդորրութիւն խորհրդանշող այն քայլերուն եւ միջոցառումներուն վրայ, որոնք կը նախատեսուի կիրարկել զինուորական- ապահովական գետնի վրայ:

Փաստօրէն Կը նախատեսուի, որ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն ամբողջանայ Ժապհաթ Նուսրայի հարցի լուծման գործողութիւնը: Այս ծիրին մէջ Սարայա Ահլ Շամ խմբաւորումի զինեալներ իրենց ընտանիքներով պիտի մեկնին դէպի Սուրիոյ արեւելեան Քալամունի շրջանը, ինչպէս հաստատեց երէկ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ: Նոյն ծիրին մէջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի էմիրութեան վերջ տալու գործողութեան զինուորական եւ վարչական նախաքայլերը ամբողջացած են: Շէյխ Քասեմ կոչ ուղղեց համախմբուելու եւ զօրակցելու բանակին` իր այս քայլին մէջ: Իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը, կիրակի երեկոյեան պատկերասփռուած ելոյթով պիտի անդրադառնայ այս հարցին:

Ժապհաթ Նուսրայի եւ ապա Սարայա Ահլ Շամի եւ մօտերս նախատեսուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու Լիբանանէն ու յատկապէս Արսալի բարձունքներէն մեկնումով, գոհունակութեան եւ լաւատեսութեան որոշ մթնոլորտ մը պիտի տիրէ քաղաքացիներուն մօտ, որոնք սրտատրոփ կը հետեւին իշխանութեան այս քայլերուն: Յատկապէս Արսալի բնակիչները «շունչ պիտի քաշեն» եւ այսուհետեւ ապահով պիտի վերադառնան Արսալի բարձունքներուն վրայ իրենց օրապահիկը ապահովող երկրագործութեան եւ յարակից աշխատանքներուն:

Երկրին մէջ խաղաղութեան վերահաստատման ցուցանիշ նկատուող այս քայլերը յատկապէս կը հետաքրքրեն ՏԱՀԵՇ-ի մօտ արգելափակեալ լիբանանցի զինուորականներու ընտանեկան պարագաները, որոնք անհամբեր կը սպասեն իրենց առեւանգեալ հարազատներու ճակատագիրին մասին «աւետիս»-ի մը:

Այս գծով  լիբանանեան բանակը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Արսալի բարձունքներուն մօտակայքը ձերբակալած է սուրիացի վտանգաւոր կասկածելի մը, որ կապ ունի ՏԱՀԵՇ-ի մօտ արգելափակեալ լիբանանցի զինուորականներու առեւանգման գործողութեան հետ: Քայլ մը, որ կ՛ենթադրէ, թէ առեւանգեալ զինուորականներու թնճուկի կծիկին թելը գտնուած է եւ թէ անոնց հարազատներուն սպասած «աւետիս»-ը մօտալուտ է:

 

Նախորդը

Պաապտայի Երկխօսութեան Ձախողութեան Պարագային. Ընկերային, Կրթական Եւ Յարակից Մարզերը Կը Սպառնան

Յաջորդը

Մահացած Է Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Մայրը

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?