Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զոյգ Օրէնքներուն Մէջ Արձանագրուած Բացթողումները Պիտի Լուծուին` Սահմանադրական Կանոններուն Համաձայն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Օգոստոս 15, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան երէկ արթնցաւ հանգստեան կոչուած բանակայիններուն կատարած բողոքի նստացոյցով, որուն յաջորդեցին մեծ թիւով այլ նստացոյցեր, որոնց ընթացքին հնչեցին քաղաքացիներուն պահանջները:

Այս նստացոյցերը կանխեցին Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած տնտեսական եւ ելեւմտական բնոյթի խորհրդակցական հանդիպումը, որուն հրաւիրած էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն:

Կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ նախագահ Աուն նախագահեց աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքին վերաբերող խորհրդակցական հանդիպումի մը, որուն մասին յետմիջօրէին հրապարակուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով երէկ Պաապտայի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցութիւններ կատարուեցան խորհրդարանին վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելումներուն եւ այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու նպատակով մշակուած տուրքերու օրէնքներուն մասին: Հանդիպումին ընթացքին արտայայտուեցան այս օրէնքներուն վերաբերող թեր եւ դէմ կարծիքներ:

«Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, շարք մը նախարարներ, որոնց շարքին` զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահը, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը, Տնտեսական խորհուրդներու, ազատ առեւտուրի սենտիքաներու, կրթական հաստատութիւններու համադաշնակցութեան, ճարտարարուեստի ընկերակցութեան, ընկերային հարցերու ընկերակցութիւններու, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներ:

«Հանդիպումին սկիզբը նախագահ Աուն շեշտեց, որ իր հրաւիրած այս խորհրդակցութիւններուն նպատակն է աշխատավարձի յաւելումներուն եւ տուրքերու օրէնքներուն վերաբերող տարակարծութիւնները փարատել: Մենք բոլորին կեցուածքները սերտելէ ետք այդ օրէնքներուն մասին մեր յստակ կեցուածքը պիտի յայտնենք: Կան արդար իրաւունքներ, որոնք պիտի յարգուին: Մեր ջանքը այն է, որ արձանագրուած որոշ սխալներ սրբագրուին: Երկրին նիւթական կարողութիւնները սահմանափակ են, իսկ տնտեսական իրավիճակը շատ զգայուն է` նկատի ունենալով առեւտրական նժարին մէջ արձանագրուած նիւթական բացը: Այս իրավիճակին հանդէպ պէտք է լուծման առաջնորդող պատասխանատու եւ ամբողջական մօտեցում ցուցաբերել: Մենք պատրաստ ենք լսելու ձեր առաջարկները եւ իսկապէս քննարկելու այս հարցերը, որպէսզի կարելի ըլլայ հասարակ յայտարարներու յանգիլ եւ լուծել այս հարցերը:

«Ապա խօսք առաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին զինք այդ հանդիպումին հրաւիրելու առիթով: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը զգայուն է եւ պէտք է դիմել միջոցներու, որոնց շնորհիւ կարելի կը դառնայ երկրին տնտեսական անիւը շարժել: «Ճի՛շդ է, որ աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերեալ տարակարծութիւն արձանագրուած է, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ յաւելումները կը վաւերացուին բարեկարգումներով եւ տուրքերու շարքով մը, սակայն այդ յաւելումները գործադրելու իմաստով կառավարութիւնը յանձնառու է եւ կը փորձէ տարբեր միջոցներու դիմել` վերահաստատելու երկրին տնտեսական աճը», ըսաւ ան:

«Ապա հերթաբար խօսք առին հանդիպումին մասնակցող կողմերը, որոնք մշակուած երկու օրէնքներուն մասին իրենց տեսակէտները արտայայտեցին եւ դիտողութիւնները կատարեցին: «Նախարարները իրենց կարգին որոշ բացատրութիւններ ներկայացուցին: Ապա  ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահը ներկայացուց 2017-ի պետական ամավարկին աւարտած փուլերը, իսկ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը ներկայացուց Լիբանանի ելեւմտական ընդհանուր պատկերը:

«Քննարկումներուն լոյսին տակ վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ պատասխանատու եւ անկեղծ այս հանդիպումը նախաքայլ է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը իւրաքանչիւր քայլափոխի պիտի լսէ երկրին տնտեսութիւնը կազմող զանազան մարզերուն կարծիքները, ինչպէս նաեւ 2018-ի պետական ամավարկի օրինագիծը պիտի յղէ խորհրդարան` յարգելով սահմանադրական ժամկէտները:

«Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր հրաւէրը յարգեցին` աւելցնելով, որ երկխօսութեան լոյսին տակ ներկաներուն մօտ ի յայտ եկած են հասարակ յայտարարներ, որոնք նկատի պիտի առնուին իր կողմէ` աշխատավարձի յաւելումներն ու տուրքերու օրէնքները վաւերացնելու շրջագիծին մէջ: Ան շեշտեց, որ որդեգրուած օրէնքները պէտք չէ իրենց հետեւանքները ունենան երկրին կայունութեան եւ տնտեսական աճին վրայ:

«Նախագահ Աուն շեշտեց, որ զոյգ օրէնքներուն մէջ արձանագրուած բացթողումները պիտի լուծուին` սահմանադրական կանոններուն համաձայն:

«Միասնաբար պիտի գործակցինք յանգելու համար այն նպատակներուն, որոնք Լիբանանի համար իսկական բարեկարգում, ինչպէս նաեւ տնտեսական կայունութիւն կ՛ապահովեն` պահպանելով հանդերձ երկրին վայելած քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը:

«Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ միասնաբար պիտի ջանան գործադրել բարեկարգումները եւ պայքարիլ փտածութեան դէմ:

«Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ բարեկարգումի եւ ներդրումի հիմնական խարիսխը երկրին ենթակառոյցի բարգաւաճումն է, ինչպէս` ելեկտրականութեան, փոխադրութեան, հաղորդակցութեան, ջուրի եւ ճամբաներու մարզերը:

«Ան ընդգծեց, որ այս բոլորը կ՛ամբողջանան ապահովական կայունութեամբ եւ արդար ու պարկեշտ դատական իշխանութիւններով»:

Հանդիպումէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու պատասխանատուն նախագահ Աունն է:

Արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի իր կարգին յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները յաջողութեամբ ընթացած են, իսկ վերջնական որոշումը հանրապետութեան նախագահին մօտ կը գտնուի:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իր կարծիքով` նախագահ Աուն կ՛ուղղուի վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումներն ու տուրքերը:

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ Պաապտայէն յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող զինուորականներուն բոլոր պահանջները պիտի գործադրուին:

Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս շեշտեց, որ Տնտեսական խորհուրդները աշխատավարձի յաւելումները չեն մերժեր, այլ` կը մերժեն տուրքերու ընդմէջէն այդ յաւելումներուն ֆինանսաւորումը:

Ան շեշտեց, որ տնտեսութիւնը յաւելեալ տուրքեր չի կրնար հանդուրժել, եւ խորհրդարանը պէտք է ջանայ տուրքերը նուազեցնել եւ ոչ թէ աւելցնել:

Միւս կողմէ, նշենք, որ երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին հանգստեան կոչուած բանակայինները պահանջեցին, որ աշխատավարձի յաւելումներու սուրբ իրաւունքին կողքին վաւերացուի նաեւ թիւ 79-րդ յօդուածը, որուն համաձայն, յաւելումներու օրէնքին մէջ կատարուած բարեփոխումը կը յարգուի, եւ բանակայինները կը ստանան իրենց բոլոր իրաւունքները:

Անոնք խաղաղ ցոյցով մը փակեցին Կեդրոնական դրամատան մուտքերը եւ արգիլեցին պաշտօնեաներուն մուտքը:

Իրենց կարգին, Սայտայի սերայի պաշտօնեաները կատարեցին բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին պահանջեցին վաւերացուած աշխատավարձի յաւելումներուն գործադրութիւնը:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը բողոքի նստացոյց մը կատարեց Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան կեդրոնին դիմաց, Կեդրոնական Պէյրութ: Խորհուրդը հաստատեց, որ իրենց կատարած նստացոյցին նպատակն է պայքարիլ փտածութեան դէմ եւ բարեկարգումները իրականացնել:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեցին բողոքի նստացոյց մը` պահանջելով իրենց իրաւունքները եւս նկատի ունենալ աշխատավարձի յաւելումներուն օրէնքին մէջ:

Նախորդը

Ռուհանի Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Աունը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?