Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախանձախնդիր` Մեր Սիրելի Երկրին Մնացորդացին…»

August 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան երէկ «Նաշրա» ելեկտրոնային կայքին վրայ ստորագրած է յօդուած մը, ուր կ՛անդրադառնայ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելման հարցին եւ յարակից նիւթերու:

Ստորեւ  յօդուածը` որոշ  յապաւումներով:

Աւելի քան երեք տարիէ ի վեր սերտելէ եւ քննարկելէ ետք, երկու շաբաթ առաջ  խորհրդարանը նախագահ Միշել Աունին յղեց աշխատավարձերու յաւելման օրէնքը` առ ի վաւերացում կամ վերադարձ խորհրդարան` բարեփոխման համար:

Սակայն աշխատավարձերու յաւելման օրէնքի վաւերացումը (խորհրդարանին կողմէ, «Ա.»), որուն նաեւ կ՛ընկերանան զանազան տուրքեր, տեղի տուին ընդդիմութեան եւ ընդվզումի լայն ալիքի` տնտեսական եւ հասարակական զանազան մարմիններու կողմէ, որոնցմէ ամէնէն վտանգաւորը դատական իշխանութեան ընդվզումն է: Արդարեւ, նշեալ օրէնքին ընկերացող քայլերը դատական իշխանութեան անձնակազմը կը զրկեն իրեն յատուկ (ամառնային) արձակուրդէն եւ ապահովագրութեան լրացուցիչ սնտուկէն օգտուելու կարելիութենէն: Աւելի՛ն, աշխատավարձերու յաւելման նոր օրէնքով, պետական երկրորդ եւ երրորդ կարգի պաշտօնեաներու ամսաթոշակները, որոնք թէեւ արդարացի են, սակայն կու գան գերազանցելու դատական մարզի առաջին կարգի դատախազներու ամսաթոշակները: Դատական մարզին վրայ աշխատավարձերու յաւելման օրէնքի հետեւանքներէն զգուշացուցած էի 2014-ին ստորագրած մէկ յօդուածիս մէջ: Հոսկէ պէտք է ընդգծել, թէ դատական մարզը անկախ իշխանութիւն է, լիբանանեան սահմանադրութեան 20-րդ յօդուածին տրամադրութեան հիմամբ:  Դատական իշխանութիւնը պէտք է պահպանուի եւ պաշտպանուի որեւէ ոտնձգութեան դէմ: Արդարեւ, անիկա «իսկական» պետութեան խորհրդանիշն է եւ հիմնաքարը զօրեղ, արդար ու կարող պետութեան: Անիկա օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններէն ետք պետութեան երրորդ իշխանութիւնն է եւ կարելի չէ անոր հետ վարուիլ իբրեւ սոսկ վարչամեքենայի մարզերէն մէկը: Իսկ նախատեսուող տուրքերուն գծով անհրաժեշտ է ըլլալ արդարացի եւ տուրքեր տնօրինել բոլոր քաղաքացիներուն նկատմամբ հաւասարապէս: Փաստօրէն, մօտերս վաւերացուելու կոչուած տուրքերը պարտադրուած են միայն այն քաղաքացիներուն նկատմամբ, որոնք օրինաւոր ձեւով կ՛աշխատին, մինչ ապօրինի կերպով գործողները, մաքսանենգները, փտածութեան հեղինակները զերծ կը մնան տուրքերէ: Նաեւ այս գծով տարօրինակը այն է, որ «յաւելեալ արժէքի տուրքը կ՛ընդգրկէ այն հաստատութիւններն ու ընկերութիւնները, որոնց տարեկան առուծախի հասոյթը կը հաշուէ աւելի քան 150 միլիոն լիբանանեան ոսկի,մինչ այլ ընկերութիւններ զերծ կը մնան տուրքերէ: Ասիկա հարցականներ կը ստեղծէ, թէ ինչո՞ւ մնացեալ ընկերութիւնները զերծ են տուրքերէ եւ ինչո՞ւ տուրքերը համատարած չեն բոլոր ընկերութիւններուն վրայ, փոխանակ մէկ առ հարիւր տուրքի սկզբունքի որդեգրումը, երկու չափ երկու կշիռի հիմամբ :

Հոսկէ` անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել տուրքերու նոր օրինագիծը եւ փճացնել  բոլոր այն արտադրողական ապրանքները, որոնք Լիբանան կը ներածուին կամ մուտք կը գործեն ապօրինի կերպով, առանց քննութեան կամ վերահսկողութեան` մեծապէս վնասելով երկրի ճարտարարուեստի մարզին, որ վերջերս կը տառապի մեծ դժուարութիւններէ: Յիշենք Ժըպրան Խալիլ ժըպրանի խօսքերը, որ կ՛ըսէ. «Վա՜յ այն ազգին, որ կը հագուի այն ինչ որ ինք չէ հիւսած, կ՛ուտէ այն ինչ որ ինք չէ ցանած եւ կը խմէ այն ինչ որ ինք չէ քամած»:

Փտածութեան եւ տուրքերէ փախուստին դէմ պայքարը նախաքայլն է վարչական ու ելեւմտական բարեկարգումին: Առ այդ, կը մաղթենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշել Աուն խորհրդարան կը վերադարձնէ աշխատավարձերու յաւելման օրէնքը` վերասրբագրելու համար անոր մէջ եղող բազմաթիւ անճշդութիւններ եւ առիթ տալով օրէնսդրական անհրաժեշտ տնօրինումներուն` մեկնելով երկրի ընկերային,ելեւմտական եւ դատական կայունութեան նախանձախնդրութենէն:

 

 

 

Նախորդը

Մինչ Պասիլ Կապ Պահեց Քուէյթի Իր Պաշտօնակիցին Հետ. Վարչապետ Սաատ Հարիրի Այսօր Պիտի Մեկնի Քուէյթ

Յաջորդը

Պաապտայի Երկխօսութեան Ձախողութեան Պարագային. Ընկերային, Կրթական Եւ Յարակից Մարզերը Կը Սպառնան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.