Վարչապետ Սաատ Հարիրիի յանձնարարութեամբ ու թելադրանքով, լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Փրկութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Խէյրի եւ ընկերակցութեամբ կարգ մը ընտանեկան պարագաներու, այսօր պիտի մեկնի Պուրքինա Ֆասօ, այդտեղ թրքական ճաշարանի մը մէջ պատահած ահաբեկչական արարքին զոհերը Լիբանան բերելու համար: Արդարեւ, անցնող կիրակի գիշեր պատահած ահաբեկչական յարձակումի զոհերու կարգին էին նաեւ երկու լիբանանցիներ` Հիւսիսի Տննիէ շրջանէն 33-ամեայ Ահմետ Պըլլի եւ Հարաւի Սուր շրջանի Մաարուպ աւանէն 34-ամեայ Մուհսեն Ֆընէյշ եւ անոր քանատացի կինը` Թամի Չեն, որ վեց ամսուան յղի էր:
Նշենք, որ ահաբեկչական այս արարքը դատապարտումի եւ ընդվզումի լայն ալիք բարձրացուցած էր ամէնուրեք, յատկապէս` Լիբանանի մէջ, սուգի մատնելով զոհերուն հարազատները:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ցաւակցական հեռագիրներ յղեցին Պուրքինա Ֆասոյի իրենց պաշտօնակիցներուն: Նախարար Պասիլ մօտէն հետեւեցաւ եւ պատկան մարմիններուն թելադրեց ճիգ չխնայել զոհերու մարմիններու ապահով տունդարձին համար:
Այս իմաստով Հըզպալլա բուռն կերպով դատապարտեց դէպքը` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու ընտանեկան պարագաներուն: