Հանրապետութեան Նախագահը Վաւերացուց Աշխատավարձի Յաւելումներու Եւ Տուրքերու Օրէնքները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ վաւերացուց աշխատավարձի յաւելումներու եւ զանոնք ֆինանսաւորելու օրէնքները` ըստ սահմանադրութեան: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Արսալի բնակիչներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրիի, ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահութեան պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Արսալի բնակչութեան կառչած մնալու իրենց հողերուն եւ հոն ապրելու խաղաղութեան ու կայունութեան մթնոլորտի մէջ` վերադառնալով իրենց կեանքի...


















