Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ շնորհաւորեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը` 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Իսրայէլի դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին առիթով:
Ռուհանի ընդգծեց, որ Իսրայէլի դէմ արձանագրուած յաղթանակը պատմական է եւ իրականացած Դիմադրութեան, լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանցիներուն զոհողութիւններով:
«Այս յաղթանակով Լիբանան փաստած է, թէ երկրին հողերը պաշտպանելու իր կամքը տկարութիւն չի ճանչնար», հաստատեց Ռուհանի: