Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խնդրայարոյց Հարցերու Մեղմացման Ճիգերու Լոյսին Տակ. Քաղաքական, Ապահովական Եւ Տնտեսական Հարցերու Լուծման Քայլերը` Քննարկման Առանցքային Նիւթ

August 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական խնդրայարոյց տագնապներու լուծման ճիգերը շարունակուեցան շաբաթավերջին` մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ:

Վերջին տարիներուն երկիրը ապահովական մղձաւանջային սպառնալիքներու մատնած  ահաբեկչական խմբաւորումներու Լիբանանէն հեռացման գործնական նախապատրաստութիւնները շարունակուեցան շաբաթավերջին, իսկ այս գծով զօրակցութեան ու գործակցութեան պատրաստակամութեան կեցուածքները վերահաստատուեցան:

Նասրալլայի Խօսքը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ` կիրակի, 13 օգոստոսի երեկոյեան վերահաստատեց այս առումով լիբանանեան բանակին հետ Հըզպալայի գործակցութեան պատրաստակամութիւնը` սպասելով բանակի հրամանատարութեան արձակելիք ազդանշանին` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուելիք ճակատամարտի սկզբնաւորութեան առնչութեամբ: «Յուլիսեան յաղթանակ»-ի 11-րդ տարեդարձին գծով Խիամի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին արտասանած իր պատկերասփռուած խօսքին մէջ Նասրալլա տողատակի պատգամներ յղեց առնչակից կողմերուն` վերահաստատելով Հըզպալլայի պատրաստակամութիւնը Լիբանանը պաշտպանելու ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ: Ան յատկապէս սպառնաց Իսրայէլը աւելի ծանր պարտութեան մատնել` դարձեալ Լիբանան ներխուժելու կամ յարձակումի պարագային:  «Իսրայէլեան սպառնալիքներու օրերը անցան այլեւս, եւ յաղթանակը ապահով է որեւէ վտանգի դէմ», ընդգծեց Նասրալլա: Ներքին ճակատի վրայ եւս Նասրալլա առնչակից կողմերուն թելադրեց վերատեսութեան ենթարկել Սուրիոյ հետ յարաբերութեան առումով իրենց քաղաքական հաշուարկները` անհրաժեշտ նկատելով Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը, ուր Լիբանան առաւել շահաւոր դուրս կու գայ: «Մեր միակ դրացին Սուրիան է», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա: Ան յիշեցուց, որ 2000 թուականի իրագործումը սոսկ երազներով  ու մաղթանքներով չիրականացաւ, այլ` Դիմադրութիւնը գիշեր-ցերեկ արթուն հսկեց, պատրաստ` դիմակալելու որեւէ իրադարձութիւն կամ վտանգ: «Հըզպալլա մէկ մասնիկն է այն ուժին, որ ձախողեցուց մեծն Իսրայէլի երազն ու Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրը», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա: Ան նաեւ շեշտեց, թէ բանակը յաղթական դուրս պիտի գայ, Արսալի բարձունքներէն պիտի վանէ ահաբեկիչները եւ ազատագրէ այդ բարձունքներուն մնացեալ  հողատարածքը` վերահաստատելով այս գծով Հըզպալլայի գործակցութեան պատրաստակամութիւնը լիբանանեան բանակին հետ եւ նշելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատամարտի սկզբնաւորութեան ժամը բանակը ի՛նք պիտի որոշէ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Քուէյթի Մէջ

Մինչ այդ վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ ուշ գիշերին հասաւ Քուէյթ եւ երէկ զանազան հանդիպումներ ունեցաւ Քուէյթի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ: Քուէյթի իշխան շէյխ Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահի հետ հանդիպումի աւարտին վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Քուէյթի իշխանին եւ վարչապետին հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները` վերահաստատելով այս գծով  կողմերուն միջեւ գործակցութեան եւ համերաշխութեան պատրաստակամութիւնը: «Քուէյթի ապահովութիւնը Լիբանանի ապահովութենէն է», շեշտեց Հարիրի` նշելով, որ որոշ ընդվզում նկատած է քուէյթցի վարիչներուն մօտ «Ապտալիի բջիջ»-ին հարցով: Սակայն ան հանգստացուց, թէ յաջողած է փարատել այս մասին տիրող թիւրիմացութիւնը եւ թէ «Լիբանանի դէմ քայլեր պիտի չառնուին Քուէյթի կողմէ»: Հարիրի յայտնեց, որ ինք անձամբ պիտի հետապնդէ այս հարցը` միշտ կապի մէջ մնալով Հըզպալլայի պատկան մարմիններուն հետ: Հարիրի յոյս յայտնեց, որ  այս իմաստով կացութիւնը կ՛ընթանայ դէպի բարելաւում:

Նշենք, որ Քուէյթի ապահովական մարմինները շաբաթավերջին յայտարարեցին նշեալ հարցով նոր կասկածելիի մը ձերբակալութիւնը, «որուն խոստովանութիւնը ունինք մեր տրամադրութեան տակ»: Քուէյթի իշխանութիւնները «Ապտալիի բջիջ»-ի հարցով  Հըզպալլան կը մեղադրեն Քուէյթի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրելու հարցով: Իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթավերջին հերքած էր Հըզպալլայի առնչութիւնը նշեալ բջիջին հետ:

 

Լաքլուքի Հանդիպումը

Դարձեալ քաղաքական գետնի վրայ, շաբաթավերջին Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու ղեկավարներու մասնակի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի Լաքլուքի բնակարանին մէջ` մասնակցութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Մլհեմ Ռիաշիի եւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց միջքրիստոնէական համերաշխութեան եւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը երկիրը յուզող տագնապներուն դիմաց: Այս մասին նախարար Ռիաշի եւ երեսփոխան Քանաան «Թուիթըր»-ի իրենց էջերուն վրայ անջատ, բայց նմանօրինակ գրառումներով վերահաստատեցին երկու կողմերուն միջեւ տիրող սերտ յարաբերութիւնը:

Սարայա  Ահլ Շամի Մեկնումը  Յետաձգուեցաւ

Ապահովական-զինուորական գետնի վրայ եւս նախապատրաստական ճիգերը շաբաթավերջին շարունակուեցան երկիրը, յատկապէս Արսալը ազատագրելու ահաբեկիչներու վտանգէն: Այսուհանդերձ, «մասնակի, չնչին» խոչընդոտներ արգելակեցին Սարայա Ահլ Շամի զինեալներու Արսալի բարձունքներէն մեկնումը ճշդուած ժամկէտին: Այս մասին Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ նախապատրաստական քայլերը ամբողջացած են ըստ նախօրօք գոյացած համաձայնութեան եւ զինեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն մեկնումը պիտի կայանայ կիրակի առաւօտեան ժամը 4:00-ին: Աւելի ուշ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 395 զինեալներու եւ անոնց ընկերացող շուրջ եօթը հարիւր քաղաքայիններու նշեալ մեկնումը դէպի Քալամունի շրջան յետաձգուած է այսօր` երկուշաբթի կանուխ առաւօտեան ժամը 5:00-ին: Մեկնումի առկախման պատճառին շուրջ թիւրիմացութիւն մը ծագած էր առնչակից կողմերուն միջեւ: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ իմացուեցաւ, թէ մեկնումը առկախուած է` ստիպելով, որ զինեալները ապազինուին եւ միայն իրենց անհատական զէնքերով մեկնին, Սարայա Ահլ Շամի պատասխանատուներէն շէյխ Օմար յետաձգման պատճառը վերագրեց Սուրիոյ Քալամունի շրջանի արեւելեան թէ արեւմտեան շրջաններուն միջեւ տեղակայումի շուրջ ծագած բանավէճին: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, զինեալներուն մէկ մասը պիտի տեղակայուի Քալամունի արեւելեան շրջանը, իսկ այլ խումբ մը` արեւմտեան մասը, սպասելով իրենց կարգավիճակի դասաւորման` սուրիական իշխանութեան պատկան մարմիններուն հետ: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ սուրիական իշխանութիւնները ազատ արձակած են հարիւր բանտարկեալներ` այս առնչութեամբ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ:

Ընկերային-Տնտեսական Հարցերը` Նոյնքան Առանցքային

Քաղաքական եւ ապահովական նշեալ քայլերու կողքին նոյնքան առանցքային ուշադրութիւն գրաւեցին երկրի ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման գծով առաջադրուող քայլերը, որոնց ծիրին մէջ է նաեւ այսօր նախատեսուող Պաապտայի ընկերային կառոյցներու հանդիպումը: Նախագահ զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութեամբ եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մասնակցութեամբ ընկերային-տնտեսական մարզերու եւ կառոյցներու երեսուն ներկայացուցիչներու հանդիպումը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին մեծ յոյսեր կը խոստանայ ընկերային-տնտեսական պահանջներու եւ յատկապէս աշխատավարձերու յաւելման երկարատեւ տաղտուկի լուծման իմաստով:

Այս գծով ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ թախանձագին կոչ ուղղեց նախագահ Միշել Աունին` ստորագրելու աշխատավարձերու յաւելման օրէնքը` խոստանալով այնուհետեւ քննել բարեփոխման որեւէ առաջարկ: Նախարար Խալիլի այս քայլը կու գայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի զգուշացումէն ետք` այն հետեւանքներուն գծով, որոնք կրնան ի յայտ գալ, եթէ նշեալ օրինագիծը չստորագրուի եւ խորհրդարան վերադարձուի առ ի բարեփոխում:

Նոյն ծիրին մէջ, տնտեսական եւ կրթական մարզերը այսօր` երկուշաբթի, 14 օգոստոսին ընդհանուր եւ համատարած գործադուլի օր հռչակեցին` սպառնալով սաստկացնել իրենց քայլերը, եթէ նշեալ օրինագիծը չվաւերացուի նախքան ընթացիկ 17 օգոստոսը:

Միւս կողմէ, Դրամատուներու ընկերակցութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ ահազանգ հնչեցուց, որ լիբանանեան տնտեսութիւնը անզօր է դիմանալու աշխատավարձերու յաւելման զուգահեռ տնօրինուելիք տուրքերու ճնշումին:

Այս բոլորի լոյսին տակ երկրի կրթական ու վարչամեքենայի մարզերը իրենց գրասենեակները փակելով փողոց պիտի իջնեն Դրամատուներու թաղին մէջ` զօրաշարժի մատնելով իրենց անդամները եւ սպասելով Պաապտայի հանդիպումի արդիւնքին, յատկապէս նախագահ Միշել Աունի կեցուածքին:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Միասնականութեան Կոչ Ուղղեց

Յաջորդը

Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.