ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ նախարարութիւնը պետական հիւանդանոցներուն մէջ քննիչներ ունի:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնը պարտականութիւն մըն է, որ պէտք է կատարուի` աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք պատրաստ է այդ պարտականութիւնը կատարելու: Ան շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումը լիբանանցիներուն իրաւունքն է եւ այդ իրաւունքը պիտի յարգուի:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան ղեկավար, նախարար Ալի Քանսօ հաստատեց, որ Արսալի բարձունքներուն ազատագրումը հսկայ նուաճում մը կը նկատուի:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր տնօրէն Մոհամետ Ալի Հաքիմը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլին յանձնեց իմամ Մուսա Սատըրի առեւանգումի 39-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին պաշտօնական հրաւէրը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի Սայտայի սերայէն հաստատեց, որ իրենք լիբանանեան բանակը առանձին պիտի չձգեն եւ պիտի ըլլան հոն, ուր իրենց կարիքը կայ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու երեսփոխանական յանձնախումբը Պէյրութի մէջ երթեւեկը կանոնաւորելու թղթածրարը քննեց եւ ընդգծեց այդ հարցին վերաբերող ծրագիրները գործադրելու համար զանոնք ֆինանսաւորելու կարեւորութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումը քաղաքացիներուն տրուած իրաւունք է, որ պէտք է յարգուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի իր բռնագրաւուած մնացեալ հողերը ազատագրելու սեմին:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ղազի Արիտի Ռըշմայայի մէջ կազմակերպուած Լեռնալիբանանի հաշտութեան 16-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին շեշտեց, որ երբ Լեռնալիբանանը գերիշխան եւ միացեալ է, ապա Լիբանանը կանգուն է:
ԱՄԱԼ շարժումը յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակին առիթով կոչ ուղղեց իսրայէլեան պատերազմէն տուժած քաղաքացիներուն հատուցումները կատարելու:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները առիթ մը կը նկատուին` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի քաղաքական կշիռը պահպանելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են լիբանանեան բանակին օժանդակելու եւ ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին զօրակցելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրականութեան մէջ սուրիական պետութիւն գոյութիւն չունի` հարց տալով, որ իբրեւ այդպիսին ի՞նչ պիտի ըլլան անոր հետ գործակցելու շահերը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը աւարտած է Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իր մղելիք ճակատամարտին նախապատրաստութիւնները, իսկ այդ ճակատամարտին սկիզբը մօտալուտ է:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի բջիջ մը, որուն պարտականութիւնն է ՏԱՀԵՇ-ի ֆինանսաւորումով անոր ահաբեկիչներուն Սուրիա փոխադրութիւնը դիւրացնել: