Լիբանանեան

Հասպանի. «Հըզպալլան Պետութիւնը  Նեղ Կացութեան Կը Մատնէ Եւ Լիբանանը  Յաւելեալ Վտանգի Կ՛ենթարկէ»

Հասպանի. «Հըզպալլան Պետութիւնը Նեղ Կացութեան Կը Մատնէ Եւ Լիբանանը Յաւելեալ Վտանգի Կ՛ենթարկէ»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղասսան Հասպանի «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Արտաքին դիւանագիտական շարժումը բարձր կշռոյթի հասած է Լիբանանի հարցով հետաքքրուած երկիրներուն տրամադրութեան տակ գտնուող այն տեղեկութեան պատճառով, թէ կը սպասուի սրում, որմէ կարելի է խուսափիլ, եթէ աւելի մեծ թափանցիկութիւն ըլլայ հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի գործողութիւններուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ միջազգային վստահութիւնը աւելնայ Լիբանանի` Հըզպալլան զինաթափելու լուրջ...

Քանաան. «Պապին Այցելութիւնը Պատմական  Առիթ Է, Որ Միջազգային Ուշադրութիւնը  Դէպի Լիբանան Ուղղուի»

Քանաան. «Պապին Այցելութիւնը Պատմական Առիթ Է, Որ Միջազգային Ուշադրութիւնը Դէպի Լիբանան Ուղղուի»

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան Պքերքէի մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ իր հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան այցելութիւնը պատմական առիթ է, որ կրնայ միջազգային ուշադրութիւնը ուղղել դէպի երկիր, որ կարիքը ունի ամէն տեսակի աջակցութեան: «Լիբանան պիտի կարենայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետին այցելութենէն օգտուիլ, եթէ կարենայ պետութեան ու անոր հաստատութիւններու մակարդակին վրայ մէկ խօսքի շուրջ միախմբուիլ եւ լիբանանեան օրինականութեան աջակցիլ, եւ...

Պասիլ Սուրիոյ Հետ Լիբանանեան  Սահմաններուն Վրայ Օտար Զինեալներու  Դերակատարութեան Մասին Կը Հարցնէ

Պասիլ Սուրիոյ Հետ Լիբանանեան Սահմաններուն Վրայ Օտար Զինեալներու Դերակատարութեան Մասին Կը Հարցնէ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ իր կուսակցութեան նախկին նախագահ Միշել Աունի ներկայութեամբ Պէյրութ մէկի եւ երկուքի մասնաճիւղերու տարեկան ընթրիքի ընթացքին յայտնեց. «Երկիրը մեծ մարտահրաւէրներու եւ վտանգներու առջեւ կանգնած է»: «Անոնք, որոնք մարդոց բարեկարգում եւ գերիշխանութիւն խոստացան, ոչինչ կ՛ընեն, եւ երկրէն ներս թէ դուրս ոչ ոք անոնց կը հաւատայ», ըսաւ ան: «Անոնք իրենց քաղաքականութեամբ երկիրը յառաջիկայ մեծ պատերազմի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի պատուիրակ Ալֆրետ Ռիաշին եւ անոր հետ քննարկեց վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ այժմէական կարեւորագոյն նիւթերը: . ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթ. «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները մագլցում կ՛արձանագրեն կշռոյթով մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Թել Աւիւ պայմանական ապահովական հակադարձութեան ծիրին մէջ չի գործեր, այլ թշնամական ռազմավարութեան մը հիմամբ, որուն նպատակը Լիբանանը մաշեցնել,...

Սալամ. «Լիբանան Զէնքի Մենաշնորհման  Հարցին Մէջ Կ՛ուշանայ, Եւ Հըզպալլայի Զէնքը  Ո՛չ Կուսակցութեան Ղեկավարները  Պաշտպանեց, Ո՛չ Ալ Լիբանանը»

Սալամ. «Լիբանան Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Կ՛ուշանայ, Եւ Հըզպալլայի Զէնքը Ո՛չ Կուսակցութեան Ղեկավարները Պաշտպանեց, Ո՛չ Ալ Լիբանանը»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Մամլոյ ակումբի վարչական խորհուրդը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան միակողմանի մաշեցման պատերազմի մէջ է, եւ ատիկա մագլցում կը նկատենք: Կարիքը չունինք արաբ եւ օտար պատուիրակներու, որպէսզի մեզի ահազանգ հնչեցնեն: Հակառակ ատոր, կարելի չէ պատկերը մութ ներկայացնել, որովհետեւ երկրին մէջ տեղի կ՛ունենան այլ հարցեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ երկիրը սկսած է ինքն իրեն նկատմամբ վստահութեան վերատիրանալ»: «Լիբանան կ՛ուշանայ...

Պապի Լիբանան Այցելութեան Առ Ի Պատրաստութիւն  Ապահովական «Անհրաժեշտ» Քայլեր Որդեգրուած Են

Պապի Լիբանան Այցելութեան Առ Ի Պատրաստութիւն Ապահովական «Անհրաժեշտ» Քայլեր Որդեգրուած Են

Վատիկանի բանբեր Մաթէօ Պրունի յայտնեց, որ ապահովական անհրաժեշտ քայլեր որդեգրուած են` առ ի պատրաստութիւն Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան այցելութեան: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Պրունի նշեց, թէ Վատիկան շատ մեծ զգայնութեամբ կը հետեւի այցելութեան` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող կացութիւնը: Ան որդեգրուած քայլերուն բնոյթին շուրջ յաւելեալ մանրամասնութիւն չէ փոխանցած:

Պլասխարթ. «Երկխօսութիւնն Ու Բանակցութիւնները  Կապոյտ Գիծի Երկու Կողմերուն Վրայ  Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ճամբան Կը Հարթեն»

Պլասխարթ. «Երկխօսութիւնն Ու Բանակցութիւնները Կապոյտ Գիծի Երկու Կողմերուն Վրայ Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ճամբան Կը Հարթեն»

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժենին Հենեսի-Պլասխարթ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեց. «Յստակ է, որ ժամանակն է ներկայ պահուն առիթը օգտագործելու եւ անոր հրատապութեան գիտակցելու: Ատիկա Կապոյտ գիծի երկու կողմերուն կը վերաբերի»: «Երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնները առանձին ամէն բան պիտի չփոխեն, սակայն պիտի օգնեն առկախ յանձնառութիւններու շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան հաստատման, եւ աւելի կարեւորը, ճամբայ պիտի հարթեն անվտանգութեան ու կայունութեան, որոնց...

Թուրքիան Կը Քննադատէ  Լիբանան-Կիպրոս Համաձայնութիւնը

Թուրքիան Կը Քննադատէ Լիբանան-Կիպրոս Համաձայնութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էօնճիւ Քեչելի, մեկնաբանելով Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային սահմանագծման համաձայնութեան ստորագրութիւնը, նշեց. «Յունական հարաւային Կիպրոսի վարչութիւնը 2003 թուականէն ի վեր շրջանին մէջ ծովեզերեայ պետութիւններու հետ Կիպրոս կղզին շրջապատող ծովային շրջաններու սահմանագծման շուրջ երկկողմանի համաձայնութիւններ կը կնքէ, առանց նկատի ունենալու թուրք կիպրացիները, որոնք կղզիին վրայ համահաւասար գերիշխանութեան տէր տարր մը կը նկատուին»: «Երէկ Լիբանանի եւ յունական...

Քաղաքական Ու Սահմանադրական  Բանավէճի Մթնոլորտին Մէջ.  Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան  Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

Ռայի Պատրիարք. «Պապի Այցելութիւնը Պատմական Է, Իր Թայմինկով Ու Պարունակութեամբ»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Վատիկանի շրջանակները մանրամասնօրէն, պահը պահին, կը հետեւին Լիբանանի ներքին կեանքին եւ տեղեակ են երկրի բացառիկ հանգամանքներուն, տնտեսական ճգնաժամին եւ ատոր ուղեկցող քաղաքացիներու արտագաղթի ալիքներուն պատճառով կուտակուած բացասական հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տարածքին մէջ Իսրայէլի պատերազմի վերսկսման սպառնալիքին` զուգահեռաբար Հըզպալլայի եւ Թել Աւիւի միջեւ  շարունակուող տագնապին»: Ան նշեց, որ Լեւոն...

Ժոմպլաթ. «Կը Դատապարտենք Վելայաթիի Խօսքը,  Ինչպէս Նաեւ Սուրիոյ Նախկին Վարչակարգի  Սպաներու Երկրին Մէջ Ներկայութիւնը»

Ժոմպլաթ. «Կը Դատապարտենք Վելայաթիի Խօսքը, Ինչպէս Նաեւ Սուրիոյ Նախկին Վարչակարգի Սպաներու Երկրին Մէջ Ներկայութիւնը»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, անդրադառնալով Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթիի` «Հըզպալլայի գոյութիւնը Լիբանանի համար հացէն աւելի կարեւոր է» արտայայտութեան, յայտարարեց. «Կը դատապարտենք իրանցի պաշտօնատարին այն խօսքերը, որ Լիբանանը կը դիտարկէ իբրեւ ամերիկեան նամակատուփ, մենք նաեւ կը դատապարտենք երկրին մէջ ներկայութիւնը սուրիական նախկին վարչակարգի մեծ թիւով սպաներու, որոնք պաշտպանուած են կուսակցական ու պաշտօնական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրէ ետք հարաւային Լիբանանի Իքլիմ Թուֆահի, Ժարմաքի եւ Համմուտիէի բարձունքներուն դէմ շարք մը յարձակումներ գործեց: . ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աուն նշեց, որ ինք կատարած է քանի մը նախաձեռնութիւններ` ստեղծուած կացութեան կայուն լուծումներ գտնելու համար, սակայն հակառակ այդ նախաձեռնութիւններուն, որոնց վերջինը Անկախութեան տօնի նախօրեակին էր, միջազգային դրական ընկալման առումով գործնական արձագանգ չէ ստացած: . ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա»...

Նախագահական Պալատին Մէջ.  Լիբանանի Եւ Կիպրոսի Միջեւ Ծովային  Սահմաններու Սահմանագծման  Համաձայնութեան Ստորագրութիւն

Նախագահական Պալատին Մէջ. Լիբանանի Եւ Կիպրոսի Միջեւ Ծովային Սահմաններու Սահմանագծման Համաձայնութեան Ստորագրութիւն

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես երէկ առաւօտեան այցելութիւն տուաւ Պէյրութ: Ան Պաապտայի պալատ այցելելով հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ եւ Լիբանանի հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի հետ ստորագրեց Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային սահմաններու սահմանագծման համաձայնութիւն մը: Նախագահ Աուն իր կիպրացի պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ողջունեց անոր Լիբանան երկրորդ այցելութիւնը` յիշեցնելով. «Առաջին այցելութիւնը նախագահ...

Անկախութեան Տօնին Առիթով  Շնորհաւորելով Նախագահ Աունը`  Թրամփ. «Լիբանան Պատմական Խաչմերուկի Վրայ  Կանգնած Է` Կարելիութիւն Ունենալով Յաւելեալ  Կայունութեան Ուղղութեամբ  Ընթացող Ուղի Ուրուագծելու»

Անկախութեան Տօնին Առիթով Շնորհաւորելով Նախագահ Աունը` Թրամփ. «Լիբանան Պատմական Խաչմերուկի Վրայ Կանգնած Է` Կարելիութիւն Ունենալով Յաւելեալ Կայունութեան Ուղղութեամբ Ընթացող Ուղի Ուրուագծելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին յղած իր շնորհաւորական նամակին մէջ յայտնեց, որ անհամբեր կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի միջեւ գործընկերութիւնը խորացնելու, «մինչ միասնաբար ջանք կը թափենք ապագայ սերունդներուն համար աւելի պայծառ ապագայ մը կառուցելու»: Լիբանանի նախագահական պալատին կողմէ հրապարակուած` Թրամփի ուղերձին մէջ կը նշուի. «Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ...

Քաց. «Հըզպալլայի Եւ Լիբանանի Դէմ Խաղի  Կանոնները Փոխելու Պահուն Շատ Մօտ Ենք»

Քաց. «Չենք Հաւատար, Որ Հըզպալլան Ինքնուրոյն Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքերէն, Եւ Ուաշինկթըն Անոր Մինչեւ Տարեվերջ Ժամանակ Տուած Է»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Չենք հաւատար, որ Հըզպալլան ինքնուրոյն պիտի հրաժարի իր զէնքերէն, եւ Ուաշինկթըն անոր մինչեւ տարեվերջ ժամանակ տուած է»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը: «Եթէ Հըզպալլան մինչեւ տարեվերջ իր զէնքէն չհրաժարի, անգամ մը եւս Լիբանանի մէջ ուժի կիրարկման պիտի ձեռնարկենք», նշեց Քաց: Միւս կողմէ, ԱՖՓ հաղորդեց, թէ արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան, թէ Իսրայէլ...

Ապտելաթի. «Աշխուժ Ջանք Կը Թափենք  Որեւէ Յարձակումէ Զերծ Պահելու Համար»

Ապտելաթի. «Աշխուժ Ջանք Կը Թափենք Որեւէ Յարձակումէ Զերծ Պահելու Համար»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի երէկ այցելեց Լիբանան եւ Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Այցելութիւնս ցոյց կու տայ Եգիպտոսի ներգրաւուածութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին անվտանգութեան ու կայունութեան նկատմամբ»: «Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի նախագահ Աունի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկեց վերջին զարգացումները», նշեց ան: «Նախագահ Աունին փոխանցեցի Եգիպտոսի աջակցութիւնը հարաւային...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Որդեգրեց Միջազգային Դրամատան Հետ Ուժանիւթի  Եւ Այլընտրանքային Ուժանիւթի Առնչուած  Փոխատուութեան Համաձայնութիւնը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Որդեգրեց Միջազգային Դրամատան Հետ Ուժանիւթի Եւ Այլընտրանքային Ուժանիւթի Առնչուած Փոխատուութեան Համաձայնութիւնը

Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արտերկրի լիբանանցիներու խորհրդարական յանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ յանձնախումբի անդամներուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Յանձնախումբը ուսումնասիրեց Միջազգային դրամատունէն ուժանիւթի եւ այլընտրանքային ուժանիւթի, եւ Լիբանանի մէջ ուժանիւթի համակարգի ամրապնդման առնչուած փոխատուութիւն ստանալու վերաբերեալ օրինագիծը եւ զայն վաւերացուց:  

Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Լիբանան-Հնդկաստան  Յարաբերութիւններուն Նուիրուած Հանդիպումին

Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Լիբանան-Հնդկաստան Յարաբերութիւններուն Նուիրուած Հանդիպումին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան շարք մը երեսփոխաններու եւ փորձագէտներու կողքին մասնակցեցաւ հանդիպումի մը, որուն նպատակը Լիբանան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնն է: Պայրագտարեան խօսեցաւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան ոլորտներուն մասին եւ ներկայացուց երկու երկիրներու երիտասարդներուն միջեւ կարելի գործակցութեան շրջագիծերը, մասնաւորաբար ճարտարագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ` շեշտելով թէ՛ Հնդկաստանի, թէ՛ Լիբանանի երիտասարդութիւններուն ունեցած եւ բոլորին ծանօթ բարձր կարողութիւններն ու...

Ռայի Պատրիարք. «Իսրայէլի Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Մնալը Կը Խոչընդոտէ  Զէնքի Յանձնման Հոլովոյթը»

Ռայի Պատրիարք. «Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանի Մէջ Մնալը Կը Խոչընդոտէ Զէնքի Յանձնման Հոլովոյթը»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լեւոն ԺԴ. պապի այցելութիւնը իւրաքանչիւր լիբանանցիի ազգային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ կարեւոր իրադարձութիւն է»: «Պապը Լիբանանի վերաբերեալ իր սեփական տեսանկիւնը ունի, եւ ունի ճառեր, որոնց ընթացքին պիտի խօսի իր տեսակէտին մասին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի պատմական տեսակէտին մասին», նշեց ան: «Վատիկանը նախանձախնդիր է Լիբանանի եւ համակեցութեան նկատմամբ, եւ Լեւոն ԺԴ. պապի...

Ժեմայել Նախագահին, Վարչապետին Եւ Բանակի  Հրամանատարին Կոչ Ուղղեց  Երկաթէ Բռունցքով Հարուածելու

Ժեմայել Նախագահին, Վարչապետին Եւ Բանակի Հրամանատարին Կոչ Ուղղեց Երկաթէ Բռունցքով Հարուածելու

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամին, բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալին եւ բոլոր առնչակիցներուն կոչ ուղղեց արագացնելու զէնքի մենաշնորհման կշռոյթը եւ երկաթէ բռունցքով  հարուածելու, որովհետեւ Լիբանանի ապագան կախեալ է պետութեան զէնքի մենաշնորհման պարտականութիւնը կատարելէն: Ան այս մասին յայտնեց «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ասիկա ոչ ոքի մարտահրաւէր ուղղել է, այլ որպէսզի լիբանանցիները...

Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն

Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ 15 պետութիւններու ներկայացուցիչները յառաջիկայ շաբաթ Լիբանան եւ Սուրիա պիտի այցելեն: Այս մասին յայտարարեց դեկտեմբերին Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնող սլովենիական ներկայացուցչութիւնը: Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալման միամեակէն օրեր առաջ նշեալ պետութիւններու ներկայացուցիչները 4 դեկտեմբերին պիտի այցելեն Դամասկոս, ուր հանդիպում պիտի ունենան երկրի նոր իշխանութիւններուն հետ, ներառեալ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն...

Page 71 of 986 1 … 70 71 72 … 986

Արխիւներ